Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսը հաստատած է, որ Վատիկանը պատրաստ է ընելու հնարաւոր ամէն բան, որպէսզի վերջ դրուի հակամարտութեան Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ։
Հարցին, թէ արդեօք ան կը հաւատայ Մոսկուայի եւ Քիեւի հաշտեցման, հովուապետը բոլորին կոչ ըրած է չյանձնուելու: «Այո յոյս ունիմ։ Չի յանձնուինք։ Խաղաղութիւնը կարելի է։ Բայց հարկաւոր է, որ բոլորս ալ յանձնառու ըլլանք ապառազմականացնելու սրտերը, սկսեալ սեփական սրտէն, հուսկ զինաթափել բռնութիւնը։ Պէտք է, որ բոլորս խաղաղարարներ ըլլանք։ Ուզենք խաղաղութիւնը, ոչ միայն ժամանակաւոր զինադադար մը, որ գուցէ կը ծառայէ միայն դարձեալ զինուելու։ Իսկական խաղաղութիւնը, երկխօսութեան պտուղ է։ Անիկա ձեռք չի բերուիր զէնքերով, որովհետեւ անոնք չեն յաղթահարել ատելութիւնը եւ իշխելու ծարաւը, որ այդպիսով կարող են դարձեալ յայտնաբերուիլ այլ ձեւերով»,-ըսած է ան La Stampa թերթին։