image

Ուքրանիոյ կարգաւորումն աւելի մօտ է, քան երբեւէ. Թրամփ

Ուքրանիոյ կարգաւորումն աւելի մօտ է, քան երբեւէ. Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը կարծէ, որ ուքրանական հակամարտութեան կարգաւորումն աւելի մօտ է, քան երբեւէ:  Համապատասխան յայտարարութիւնը ան ըրած է Սպիտակ տան մէջ ելոյթի ժամանակ։

«Կարծում եմ՝ մենք աւելի մօտ ենք [Ուքրանիոյ հարցով կարգաւորման], քան երբեւէ։

Կը տեսնենք, թէ ինչ կրնանք ընել»,-ըսած է ամերիկացի առաջնորդը։

Թրամփ զրուցած է Փութինին հետ

Այո, ես վերջերս զրուցեր եմ Փութինի հետ, յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը լրագրողներու հետ Սպիտակ տան մէջ հանդիպման ժամանակ։

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը Իրանի պետական ​​հեռուստատեսութեան եւ ռատիոհեռարձակման ընկերութեան տուած հարցազրոյցին յայտարարած է, որ Ուաշինկթընի հետ վերջին շփումները յոյս կը ներշնչեն, որ ամերիկեան կողմը սկսած է աւելի խոր ձեւով հասկնալ Մոսկուայի դիրքորոշումը։

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ է Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովը յայտարարած էր,որ ռուս-ամերիկեան գագաթնաժողովի մասին կարելի է շատ արագ համաձայնութեան գալ անհրաժեշտութեան պարագային, սակայն մինչ այժմ Մոսկո ան այս հարցի վերաբերեալ որեւէ ազդանշան չէ ստացած։