ԱՄՆ պետական քարտուղար Անթոնի Պլինքըն կը վստահեցնէ, որ Արեւմուտքը չի ձգտիր ձգձգել ռազմական գործողութիւններ Ուքրանիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ կոչ կ'ընէ Ռուսիոյ աւարտելու յատուկ ռազմական գործողութիւն իրականացնել այս երկրին մէջ:
«Մենք եւս մէկ անգամ կոչ կ'ընենք նախագահ Փութինին անյապաղ դադրեցնելու այս հակամարտութիւնը եւ բոլոր տառապանքներն ու համաշխարհային ցնցումները, որոնք յառաջացուցած է իր ընտրած պատերազմը: Ո՛չ Միացեալ Նահանգները, ո՛չ մեր դաշնակիցներն ու գործընկերները կը ձգտին երկարացնել այս պատերազմը` Ռուսիոյ վնաս պատճառելու համար», կ'ըսուի Պլինքընի յայտարարութեան մէջ:
Ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան բաժանմունքի ղեկավարին խօսքով` ԱՄՆ-ն «ահռելի յարգանք կը տածէ Ռուսիոյ քաղաքացիներուն նկատմամբ» եւ զանոնք որպէս թշնամի չի տեսներ եւ արժանի ապագայ կը մաղթէ:
Միաժամանակ Պլինքըն կ'ընդգծէ ԱՄՆ-ի ցանկութիւնը` փորձել ուժեղացնել Ուքրանիոյ ռազմական ներուժը:
«Ինչպէս յայտարարած է նախագահ Պայտընը, մեր նպատակը պարզ է. Միացեալ Նահանգները կը փափաքի ունենալ ժողովրդավար, անկախ, ինքնիշխան եւ բարգաւաճ Ուքրանիա` ապագայ յարձակումէն զսպելու եւ պաշտպանելու միջոցներով», կ'ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Պլինքընի խօսքով` ԱՄՆ-ն կ'աջակցի Ուքրանիոյ, կ'օգնէ անոր պաշտպանել «ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը», «վերակառուցել այս պատերազմի աւարտէն յետոյ»:
«Ուքրանիան պիտի յաղթէ», յայտարարած է պետական քարտուղարը: