image

Ուքրանիան դարձած է Իրանի օրինական թիրախ՝ Իսրայէլին աջակցելուն համար. Ազիզի

Ուքրանիան դարձած է Իրանի օրինական թիրախ՝ Իսրայէլին աջակցելուն համար. Ազիզի

 

Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան յանձնաժողովի նախագահ Իպրահիմ Ազիզի յայտարարած է, որ Ուքրանիան այսուհետ պիտի համարուի Իրանի համար օրինական թիրախ՝ Իսրայէլին օգնելու պատճառով։

«ԱԹՍ-ներու միջոցով Իսրայէլին աջակցելով՝ արդէն իսկ քանդուած Ուքրանիան դարձաւ պատերազմի մասնակից։ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 51-րդ յօդուածին համաձայն՝ ան իր ամբողջ տարածքը օրինական թիրախ դարձուցած է Իրանի համար»,– նշած է Ազիզի։

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփն ալ աւելի վաղ յայտարարած էր, որ Ուքրանիան որեւէ կերպ չօգներ Միացեալ Նահանգներուն՝ Իրանի կողմէ անօդաչու թռչող սարքերով կատարուող պատասխան հարուածները ետ մղելու հարցով։