Ուքրանիոյ մէջ ելեկտրականութեան սուր պակաս կայ, ուժանիւթի նախարարութիւնը 5 երկրէ խնդրած է ելեկտրականութեան մատակարարում։ Այս մասին յայտնած են ուժանիւթի նախարարութենէն։
«Լեհաստանէն, Ռումանիայէն, Սլովաքիայէն, Հունգարիայէն եւ Մոլտովիայէն կը սպասենք ներմուծուած ելեկտրականութեան՝ ժամական 5215 ՄՈւաթ ընդհանուր ծաւալով»,- յայտնած են նախարարութենէն։
Կոչ եղած է խնայողաբար օգտագործելու ելեկտրականութիւնը, չմիացնելու կենցաղային քանի մը սարք միեւնոյն ժամանակ, որպէսզի ցանցը դիմանայ։
Գարունէն ի վեր Ուքրանիան ուժանիւթի ոլորտին մէջ մեծ դժուարութիւններ ունի․ վնասուած են Քանեւսքայա ելեկտրակայանը, Տնեփրի ելեկտրակայանը, Զմիեւսքայա ջերմաելեկտրակեդրոնը, ոչնչացուած է Քիեւի շրջանի ուժանիւթ արտադրող ամենամեծ կայանը՝ Թրիփոլեան ջերմաելեկտրակեդրոնը, շատ յաճախակի, գրեթէ օրական ռեժիմով ելեկտրականութեան անջատումներ տեղի ունեցած են ամրան, իսկ 26 օգոստոսին Ուքրանիան կրկին յայտնած է ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու, անոնց շարքին՝ Քիեւի ելեկտրակայանի կրած հսկայական վնասներուն մասին։