ԱՄՆ-ն վերսկսած է զէնքի մատակարարումներն Ուքրանիոյ, ուքրանացիներուն ուղղուած ամէնօրեայ տեսաուղերձին մէջ յայտարարած է երկրի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին։
«Մենք ունինք քաղաքական ազդանշաններ ամենաբարձր մակարդակով՝ լաւ ազդանշաններ, յատկապէս Միացեալ Նահանգներէն, մեր եւրոպացի ընկերներէն։ Բոլոր հաղորդագրութիւններու համաձայն՝ մատակարարումները վերսկսած են»,-ըսած է ան։
Զելենսքին չէ մանրամասնած, թէ որ համակարգերը կը մատակարարուին Միացեալ Նահանգներէն։