image

Ուքրանիան հարուածած է Խրիմը՝ օգտագործելով Storm Shadow հրթիռներ

Ուքրանիան հարուածած է Խրիմը՝ օգտագործելով Storm Shadow հրթիռներ

Ուքրանիա հարուածած է Խրիմի ուղղութեամբ, կիրառելով առնուազն ինը «Storm Shadow» հրթիռ, կը հաղորդէ gazeta.ru-ն։

Ռուսիոյ օդային պաշտպանութեան համակարգերը խոցած են բոլոր հրթիռները։

Հարուածները կատարուած են Օտեսայի եւ Նիքոլաեւի մարզերէն, ըստ նախնական տուեալներուն՝ գետնի վրայ աւերներ կամ վնասներ չեն արձանագրուած, սակայն հրթիռային սպառնալիքը կը շարունակէ մնալ արդիական։

Տարածաշրջանային ծառայութիւնները յայտնած են, թէ սպառնալիքի պատճառով ժամանակաւորապէս սահմանափակուած է երթեւեկութիւնը Քերչի կամրջին վրայ։