image

Ուքրանիա պատերազմի օրագրութիւն-2. Ճանապարհը դէպի Քիէւ

 Ուքրանիա պատերազմի օրագրութիւն-2. Ճանապարհը դէպի Քիէւ

 Այդ տրամաբանութեան ամէնէն վառ «հանդիսավայր»ը կրնայ ըլլալ Սուրիան, որ շարք մը երկիրներու կողքին եղաւ Ռուսաստանի այս գործողութիւնը ողջունող դաշնակից-երկիր, ի տարբերութիւն Հայաստանին, որ շատ աւելի (ենթադրեալ) ամուր կապեր ունի Ռուսաստանի հետ, բայց գոհացաւ հեռուէն դիտել եղածները։

 Իսկ նախագահ Ասատ- Վ.Փութին հեռախօսազրոյցը անշուշտ լաւագոյն փաստն է, որ դէպի «տաք ջուրեր» հասած եւ այդ ափերուն համար կռիւ տուած Ռուսաստանի ամենավստահելի ուժը Սուրիան է, որ պիտի դառնայ յառաջիկայ փուլերու Մերձաւոր Արեւելքի ամենակարեւոր օղակներէն մին։

 Ամէն պարագայի յստակ է, որ մենք կը մտնենք բաւականին նոր մակարդակի զարգացումներու ենթաշրջան մը, որուն մէջ ալ ռազմական գործողութիւններու աւարտը կը ծանուցէ այս փուլը եւ որուն ընդհանուր խորագիրն է ՝«Ռուսաստանի համբերութիւնը մի շահագործէք»։

 

 Քիէւի առաւօտը պայծառ չէր, այն իմաստով որ ակնկալուածէն շատ աւելի վաղ Ռուսական զօրքերու ուշադրութեան կեդրոն համարուած Քիէւը կը դառնար թիրախ միջին եւ ծանր տրամաչափի հրթիռակոծումներու։

 

 Ռազմական առումով ալ արդէն իսկ յստակ է սկսած դառնալ, որ Ռուսական ուժերուն հիմնական նպատակը, պաշարման օղակի տակ առնել է մայրաքաղաքը ընդհուպ մինչեւ հասնելու կառավարական շէնք եւ նոյնիսկ ձերբակալել Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զէլէնսքին։

 

 Ուշագրաւ է անշուշտ, որ երկու երկիրներուն միջեւ ընթացող պատերազմին հիմնական երկու «խօսափողները» պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերները կամ նախագահներու խօսնակները չեն, այլ նոյնինքն նախագահներն են, որոնք երէկ տարբեր առիթներով յայտարարութիւններով հանդէս եկան։ Կասկածներու եւ անվստահութեան դուռ բացողն անշուշտ Զէլէնսքիի կողմէ հնչած յայտարարութիւններն էին ու շատ առումներով ալ կարելի է արդէն յստակօրէն ընդգծել, որ ան սպառած է իր ունեցած «կարողականութիւն»ը եւ արար աշխարհին կը ներկայանայ, որպէս անկայուն «ղեկավար» մը։

Շատ հմուտ չպէտք է ըլլալ անշուշտ, որ Զէլէնսքին «եկուոր» քաղաքական դէմք մը դարձաւ։ Ուքրանիոյ զարգացումներուն հետեւած եւ քիչ թէ շատ տեղեկութիւններ ունեցող ցանկացած ոք շատ լաւ գիտէ, որ Զէլէնսքին ոչ մէկ կապ ունէր քաղաքական կեանքին հետ եւ զինք դէպի նախագահական աթոռ տանող արեւմտեան թեւը, նպատակ ունէր պարզապէս օգտուելու անոր հանրահայտ դերասան մը ըլլալու հանգամանքէն։

 Վերադառնալով անոր հակասական արտայայտութիւններուն, ապա հարկ է նշել, որ մինչ ան իր դաշնակիցներէն բողոքելով կ՚ըղձար նստիլ Ռուսաստանի նախագահ Վ. Փութինի սեղանին, սակայն միւս կողմէ ալ մտածելով, որ տակաւին սանձ ունի իր ձեռքին «պոռչտալ», այո ընդամէնը պոռչտալ, որ Ուքրանինա իր ողջ բանակով, կառավարական մարմիններով ու համակ ժողովուրդով պիտի շարունակէ կռուիլ ռուսաստանեան բանակին դէմ։ 

 

 Ի դէպ բանակցութիւններ կայացնելու Զէլէնսքիին փափաքը օդին մէջ չէր մնար, եւ Ռուսաստանի նախագահը շատ հմտօրէն «կը պատասխանէր» առաջարկին ու անշուշտ մէջտեղ կը հանուէր Պելառուսիոյ մէջ բարձր մակարդակի բանակցութիւններ (Լուկաշէնքոյի հովանաւորութեամբ) կատարելու առաջադրանքը,որ սակայն մինչեւ այս պահը միս ու արիւն չէ ստացած, հակառակ անոր որ ռուսական ուժեր ամէն վայրկեան աւելիով կը մօտենան Քիէեւէն։

 

 

Միւս կողմէ հաշուի պէտք է առնել Վ. Փութինի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները, որ նոր օրակարգ մը մէջտեղ հանելով, ոչ միայն Ուքրանիոյ բանակի վերնախաւին ըմբոստանալու կոչ կ՚ընէր, այլ նաեւ կը հաստատէր, որ իրենք կը կռուին նէօ-նացիստներու դէմ ու պիտի ընեն ամէն ինչ ապահովելու համար Ուքրանիոյ ծայրամասային հատուածներուն անվտանգութիւնը։ Իր կարգին Ռուսաստանի դիւանագիտութեան պետը՝ Սէրկէյ Լաւրով մամլոյ ասուլիս մը տալով կը փարատէր բոլոր տեսակի հնարովի մտավախութիւնները, այն մասին, որ Մոսկուա մտադիր է գրաւել ամբողջ Ուքրանիան։

 Լաւրով մասնաւորապէս կ՚ըսէր «Մենք չենք ուզեր գրաւել Ուքրանիան, մեր նպատակը նոր-նացիստներու առաջքը առնելն է։ Մենք տարբեր առիթներով փորձեցինք միջին լուծման գալ Արեւմուտքին հետ, բայց չյաջողեցանք։ Ճիշդ կարդացէք նախագահ Փութինի խօսքերը, մենք քաղաքացիական կէտերը չենք հարուածելու»։

 Լաւրով նաեւ իր սիրտը «պարպելով» կը բողոքէր Արեւմտեան մամուլին դէմ նշելով, որ Արեւմուտքը ոչ մէկ անգամ լուսաբանեց Տոնպասի իրավիճակը, ոչ ալ խօսեցաւ այդ շրջաններու քաղաքացիներուն ապրած դժուարին վիճակներուն մասին։

 Ան այդ առումով մասնաւորապէս կը շեշտէր, թէ «Ոչ մէկ լրագրող եկաւ եւ սահմանյին հատուածներու վիճակը լուսաբանեց, գայիք եւ նկարահանէիք, ինչո՞ւ չըրիք»,- ըսաւ Լաւրով։

 

 Խօսելով տագնապի տնտեսական երեսակին մասին, ապա հարկ է շեշտել, որ պատերազմի երկրորդ օրն իսկ յստակ դարձաւ, որ Մոսկուայի դէմ եղած պատիժները զարգացումներուն վրայ արագօրէն ազդելու ներուժըչունին։ Ներկայ փուլը եղած «շոքային» վիճակը հասնկալու փուլ մըն է եւ անշուշտ անկէ դուրս գալու, կամ նոր տեսակի քայլեր առնելու ժամանակը։

 Այս առումով ալ յստակ ու հատու էր Քրէմլինէն հնչած յայտարարութիւնը, որ կ՚ըսէր՝ «Պատիժներու հարցով, մենք ելքերը պիտի գտնենք»։ Հետեւաբար Արեւմուտքի այն գրաւ, որ տնտեսական պատիժներու ճամբով կարելի ու հնարաւոր պիտի ըլլայ «ցաւցնել» Ռուսաստանը այս օրերուն չաշխատեցաւ, սակայն ինչ ցնցումներ ու նաեւ հետեւանքներ կրնան երեւիլ յառաջիկային դժուար է իմանալ։

 Ներկայ փուլին Արեւմուտքի «պապաներ»ը, որոնց գլխաւորը՝ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընը յստակօրէն ըսաւ, թէ իրենք այս պատերազմին ուղղակիօրէն մասնակից պիտի չդառնան ունին այն համոզումը, որ Ռուսաստանը պիտի պատժեն, այնքան մը պատժեն, որ ծունկի բերեն Վ. Փութինի կառավարական համակարգը, բան մը, որ հեշտ ու շնորհակալ գործ մը պիտի չըլլայ։

 

 

 Այս բոլորէն բացի եւ թուարկելով կարեւոր յայտարարութիւններու այս շարքը հարկ կը համարեմ ընդգծել Ռուսական արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատուի մը խօսքը, որ շատ կարեւոր ենթաշերտեր ունի իր մէջ։

 Ռօյթըրզ գործակալութեան տրուած եւ «անանուն» տէր ունեցող ռուս պաշտօնատարը յարած էր, որ «Ռուսաստան այս պատերազմի ճամբով շատ աւելի մեծ ու վտանգաւոր դրութիւններու առաջքը պիտի առնէ ու նաեւ կանխէ պատերազմի ծաւալումը Եւրոպայի մէջ»։

 

 

 Դարձեալ քաղաքական առումով աւելի քան ուշագրաւ էր Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Մէւլուտ Չաւուշօղլուին ըրած յայտարարութիւնը, կապուած Ռուսական ծովուժի Պոլսոյ նեղուցներէն անցնել- չանցնելու եւ յայտնի կը դառնար, որ թուրք դիւանագիտութեան պետին խօսքը, տեղ մը կը գծէր այն գիծերը, որոնք ուղղակիօրէն կը փոխառնչուին Անգարա- Մոսկուա բաւականին խորքային յարաբերութեանց ենթագետինին հետ։ 

 Անգարա շատ լաւ կը հասկնար, որ ինք այն կողմը պիտի չըլլայ, որ Ռուսներուն հետ խնդիրներ յարուցէ։ Թուրքիա, նոյնիսկ եթէ կը դատապարտէր Մոսկուայի այս գործողութիւնը, սակայն շատ լաւ կը գիտակցէր, որ եթէ Ատլանտեան Ուխտը, կամ խոշոր Ամերիկան բաց աչքերով կը դիտեն, թէ ինչպէս քաղաք առ քաղաք Ուքրանիոյ տարբեր հատուածները կ՚իյնան Ռուսներու տիրապետութեան տակ, ապա ինչ մնաց իրեն ընելիք։

 Ուքրանիոյ տագնապին ընդհանուր տրամաբանութիւնը եթէ հաշուի առնենք, ապա բոլորիս համար ալ սպասելի- պիտի ըլլայ, որ այս պատերազմի աւարտէն ետք աշխարհով մէկ պիտի մտնենք նոր ու թարմ փուլ մը, որ պիտի ունենայ նոր տրամաբանութիւն ու նաեւ այս օրերուն Ռուսաստանի ձեռքով ցանուած սերմերը կամաց-կամաց պիտի տան իրենց արդիւնքը։

 Ռուսաստան պատրաստ է երկխօսութեան, պատրաստ է աշխարհին հետ խօսելու, պատրաստ է վկայելու եւ ըսելու, որ այլեւս, ոչ թէ դիտող եւ իր պատեանին մէջ մտած երկիր է, այլ կամք թելադրող եւ զարգացումներուն վերաբերեալ իր ըսելիքը ունեցող երկիր։

 

 Այդ տրամաբանութեան ամէնէն վառ «հանդիսավայր»ը կրնայ ըլլալ Սուրիան, որ շարք մը երկիրներու կողքին եղաւ Ռուսաստանի այս գործողութիւնը ողջունող դաշնակից-երկիր, ի տարբերութիւն Հայաստանին, որ շատ աւելի (ենթադրեալ) ամուր կապեր ունի Ռուսաստանի հետ, բայց գոհացաւ հեռուէն դիտել եղածները։

 Իսկ նախագահ Ասատ- Վ.Փութին հեռախօսազրոյցը անշուշտ լաւագոյն փաստն է, որ դէպի «տաք ջուրեր» հասած եւ այդ ափերուն համար կռիւ տուած Ռուսաստանի ամենավստահելի ուժը Սուրիան է, որ պիտի դառնայ յառաջիկայ փուլերու Մերձաւոր Արեւելքի ամենակարեւոր օղակներէն մին։

 Ամէն պարագայի յստակ է, որ մենք կը մտնենք բաւականին նոր մակարդակի զարգացումներու ենթաշրջան մը, որուն մէջ ալ ռազմական գործողութիւններու աւարտը կը ծանուցէ այս փուլը եւ որուն ընդհանուր խորագիրն է ՝«Ռուսաստանի համբերութիւնը մի շահագործէք»։

 

 Սագօ Արեան 

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...