image

«Ուիքի ճամբար»ը Փորթուկալի մէջ. Լիբանանէն եւ Հայաստանէն ընտրուած են մասնակիցները

«Ուիքի ճամբար»ը Փորթուկալի մէջ. Լիբանանէն եւ Հայաստանէն ընտրուած են մասնակիցները

Սփիւռքի երկրորդ «Ուիքի Ճամբար»ը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Փորթուկալի մէջ։
Ճամբարը պիտի կազմակերպուի Քատավալ (Cadaval) քիւղաքաղաքի երիտասարդական “Tempo de Aventura” կայանի սահմաններէն ներս, Օգոստոս 17էն մինչեւ Օգոստոս 26։ Տասը օրուան ընթացքին, մասնակիցները ո՛չ միայն առիթը պիտի ունենան արեւմտահայերէն յօդուածներ գրելու զիրենք հետաքրքրող նիւթերու մասին, այլեւ բազմաթիւ բացօթեայ մարզախաղերու պիտի մասնակցին, Եւրոպայի չորս ծագերէն ժամանած նոր բարեկամներու պիտի հանդիպին եւ յիշատակելի մէկ ու կէս շաբաթ պիտի անցնեն միասնաբար։
Անցեալ տարի՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքը եւ «Ուիքիմետիա Հայաստան» կազմակերպութիւնը միասնաբար սկսան Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէն «Ուիքի Ճամբար» ձեռնարկը։ Արեւմտահայերէնով առաջին «Ուիքի Ճամբար»ը տեղի ունեցաւ 2015ի Օգոստոս 3էն մինչեւ Օգոստոս 12, Պէյրութի մէջ, աւելի քան վաթսուն մասնակիցներով (աշակերտներ, ու­սու­ցիչներ եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մասնագէտներ)։ Ճամբարի ընթացքին, աշա­կերտ­ները առիթը ունեցան իրենց կարողութիւնն ու ինքնավստահութիւնը զարգացնելու թէ՛ «Ուիքի­փե­տիա»յի ու Wiktionaryի յօդուածներ գրելով ու խմբագրելով եւ թէ՛ արեւմտեան լեզուներէ յօդուածներ թարգմանելով։ 2015ի սկիզբը, «Ուիքիփետիա»ն արեւմտահայերէն 650 յօդուած ունէր։ Տարի մը ետք՝ 2016ի սկիզբը, այդ թիւը բարձրացած էր 3546ի։ Այս հնգապատիկ աճումին գլխաւոր պատճառը պա­տանիներու համար կազմակերպուած «Ուիքի Ճամբար»ը եղաւ, որ բորորին համար հաճելի, խան­դավառ եւ աշխատունակ մթնոլորտ մը ստեղծեց։
Փորթուկալի ճամբարը ուղղուած է 16էն 25 տարեկան երիտասարդներու եւ անվճար պիտի ըլլայ մասնակիցներուն համար։ 

 Հայաստանէն եւ Լիբանանէն արդէն ընտրուած են անունները բոլոր անոնց, որոնք պիտի մասնակցին Փորթուկալի Ուիքի ճամբարին, շնորհիւ իրենց յարատեւ ու հետեւողական աշխատանքներուն: 

Լիբանանէն Սիլվիա Սէրայտարեան, Շահէն Արապօղլեան, Կիրօ Սէրայտարեան, Ասատուր Պասմաճեան, Ալիսիա Իշխանեան, Կարէն Ամտոնեան, Կասիա Գազանճեան,

Հայաստանէն  Հայկուհի Գրիգորեան, Արգիշտի Տիգրանեան, Քրիստիան Գինոսեան, ԿարինէՅովհաննիսեան, Մարուսյա Սեփխանեան։