image

Լիբանանէն դուրս ապրող հայրենակիցներուն համար

Լիբանանէն դուրս ապրող հայրենակիցներուն համար

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

 

Հայաշխարհը ամբողջ մտահոգութեամբ կը հետեւի Լիբանանի վրայ շղթայազերծած պատերազմին եւ անշուշտ լիբանանահայ համայնքի պարզած կացութեան: Լրատուամիջոցներու, հարազատներու եւ բարեկամներու հիմնական եւ առօրեայ հեռաձայնային խօսակցութեան կամ կապի ընթացքին հարցադրումը՝ լիբանանահայութեան սպառնացող վտանգի եւ անոր տարողութեան մասին է:

Լիբանանահայ մամուլի եւ համայնքի պատասխանատուներու տեղեկագրութիւնները եւ յայտարարութիւնները նկատի ունենալով, եւ ընդհանուր պատկեր մը փոխանցելու համար բոլորին, այսօրուան դրութեամբ կացութիւնը կարելի է ամփոփել հետեւեալ կէտերուն մէջ՝

ա- Պատերազմական յարձակումներու թիրախներու աշխարհագրական տարածքին մէջ չեն գտնուիր հայաշատ շրջանները, սակայն անոնց պատճառած ցնցումը եւ արհաւիրքը վախի եւ սարսափի մթնոլորտով կլանած է ժողովուրդի կարեւոր մասը:

բ- Հիմնականօրէն Պուրճ Համուտի, Այնճարի, ինչպէս նաեւ հայաշատ այլ շրջաններու մէջ գաղթակայաններու եւ բնակարաններու մէջ ապաստանած են մեծ թիւով պատերազմական գօտիներէն խոյս տուած քաղաքացիները եւ անոնց՝ օրէ օր բազմացող սնունդի, ընկերային եւ առողջապահական կարիքները լուրջ յանձնառութեան տակ կը դնեն համայնքը:

գ- Համայնքի կառոյցները, բացի կրթական հաստատութիւններէն, կը գործեն բնականոն ժամանակացոյցով: Համայնքի միութենական եւ հաւաքական կեանքի այլ աշխատանքները կը շարունակուին մասնակի դրութեամբ, պատշաճելով ստեղծուած ծանր պայմաններուն: Դպրոցները՝ կրթական նախարարութեան որոշումով փակ կը մնան մինչեւ 4 Նոյեմբեր, իսկ համեմատաբար աւելի ապահով շրջաններու մէջ կարելի է դպրոցները բանալ, սակայն նախարարութիւնը կը թեալադրէ որ այդ մէկը կիրարկուի դպրոցի պատասխանատուութեամբ եւ ծնողներու կողմէ ստորագրուած համաձայնութեամբ։ Առցանց դասաւանդումը կը կիրարկուի մասնակիօրէն։

դ- Վաճառատուները եւ գործարանները ցարդ կը շարունակեն իրենց աշխատանքը, սակայն շուկաներու ամայութիւնը ակներեւ է եւ օրէ օր սկսած է ճնշիչ դառնալ տնտեսական տագնապը:

ե- Ճգնաժամի շարունակութիւնը անխուսափելիօրէն ընկերատնտեսական եւ առողջապահական մարտահրաւէրի դիմաց պիտի դնէ համայնքը, որ արդէն անցնող հինգ տարիներու իրերայաջորդ ցնցումներուն հետեւանքները տակաւին ամբողջութեամբ չէ թօթափած:

զ- Ներքին կայունութիւնը խախտող դէպքեր չեն արձանագրուած եւ ներկայ աղէտը հաւաքական ճիգով դիմագրաւելու եւ գաղթականներուն մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու պատրաստակամութիւնը ակներեւ է բոլոր համայնքներու եւ քաղաքական կողմերու մօտ:

է- Այսօրուան դրութեամբ Հայաստանի հանրապէտութեան քաղաքացիներու Հայաստան տարհանման օրակարգը քննարկումի նիւթ չէ, հակառակ ընկերային ցանցերու եւ Լիբանանէն դուրս գործող մամուլին մէջ շրջագայող նման նախատեսութիւններու եւ տարաձայնութիւններու։

ը- Օդակայանը կը շարունակէ գործել, սակայն ան կը գտնուի պատերազմական գօտիի անմիջական մօտիկ տարածքին մէջ եւ հոն հասնելու ճանապարհը այդքան ալ ապահով չէ: Նոյնն է պարագան Պէյրութ- Այնճար միջազգային ճանապարհին, որ յաճախ օդանաւային ռմբակոծումի թիրախ է:

թ- Լիբանանահայ համայնքի մօտ, այս բոլոր մտահոգութիւններով հանդերձ խուճապի մթնոլորտ չկայ, սակայն դէպքերու անկանխատեսելիութիւնը անորոշութեան մատնած է բոլորը:

Այլ առիթով կ՛անդրադառնամ համայնքի աշխատանքներուն եւ նախաձեռնութիւններուն մասին: