image

Հալէպի մէջ. Ազգային Պատսպարանի Ամանորեայ հաւաքը

  Հալէպի մէջ. Ազգային Պատսպարանի Ամանորեայ հաւաքը

Հալէպի Ազգային պատսպարանին մէջ օրերս տեղի ունեցած է Ամանորեայ հաւաք։

Ասոր մասին «Արեւելք» կը կարդայ Հալէպի «Գանձասար»էն։

 Ստորեւ ներկայացուած լրատւութիւնը։

 

 Հալէպի Ազգային Պատսպարանի մեծ ընտանիքի Ամանորեայ տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 30 Դեկտեմբեր 2024-ին, Ազգ. Պատսպարանէն ներս, ներկայութեամբ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ.Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Հոգշ. հայր սուրբերուն, Ազգ. Վարչութեան եւ Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչներուն, ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան եւ ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան անդամներուն։

Տօնակատարութիւնը սկսաւ Ազգ.Պատսպարանի ատենապետ Էմմա Վարդապետեանի Բարի Գալուստի խօսքով։ Ան ըսաւ, որ Ազգ. Պատսպարանը երկար տարիներէ ի վեր կը գոյատեւէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն զօրակցութեան եւ նիւթաբարոյական աջակցութեան շնորհիւ, ապա Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Զեփիւռ Գէորգեան խօսք առնելով շնորհաւորեց բոլորին նոր Տարին՝ մաղթելով, որ 2025-ը ըլլայ բարեբեր եւ յաջողութիւններով լեցուն տարի մը։

Խաղերով ու անակնկալներով լեցուն յայտագիրն ու փոքրերուն խանդավառ երգերն ու ասմունքները առաւել ճոխացուցին տօնական այս օրը։

Փոքրերը մեծ ուրախութեամբ դիմաւորեցին Կաղանդ Պապիկն ու Մամիկը։ Այնուհետև բաշխուեցան սրբազան հօր նուիրատուութեամբ պատրաստուած քաղցրաւենիքի ծրարները։

Աւարտին, սրբազան հայրը խօսք առնելով շնորհաւորեց բոլորին Նոր տարին եւ իր հայրական բարեմաղթանքն ու օրհնութիւնը ուղղեց ներկաներուն։ Ան գնահատեց ՍՕ Խաչի բարեսիրական աշխատանքը, որուն շնորհիւ Պատսպարանի սաները վայելելով յանձնախումբի հոգատարութիւնը կ՛ապրին ընտանեկան ջերմ ու տաքուկ մթնոլորտի մէջ։

Այս առիթով յանձնախումբը յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄ-ի Ամերիկայի Արեւելեան Շրջանի անդամներուն, որոնց նուիրատուութեամբ այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ պատսպարանի Ամանորեայ տօնակատարութիւնը եւ փոքրիկները ուրախացան նուէրներով։