Հալէպի մէջ մարդիկ աստիճանաբար իրենց բնականոն կեանքին կը վերադառնան, սակայն կան տնտեսական լուրջ դժուարութիւններ։ Այս մասին «Sputnik Արմենիա»ի հետ զրոյցին ըսած է Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պողիկեան։
«Մարդիկ իրենց բնականոն աշխատանքին դեռ չեն վերադարձած, ժողովուրդը խնայողութեամբ կ'ապրի։ Ապագան դեռ մութ է։ Չնայած որ սննդամթերքի խնդիր չկայ, զինեալներու ներկայութիւն չկայ, սակայն կան տնտեսական դժուարութիւններ»,– ըսած է Պողիկեան։
Պողիկեանի խօսքով` մարդիկ անվտանգային առումով ալ դեռ զգուշ են, երեկոյեան ժամերուն տունէն դուրս չեն ելլեր։
Ինչ կը վերաբերի ջրամատակարարման, ան նշած է, որ հիմնականին բնական է, բայց մերթ ընդ մերթ ջրամատակարարումը 1-2 օրով կը դադրի, յետոյ կը վերականգնուի։ Ելեկտրականութիւնը օրական 4 ժամ կը տրուի, ելեկտրակայանները վերականգնելու համար ժամանակ պէտք է։
Հայկական թաղամասերուն մէջ իրավիճակը լաւ է, վտանգ չկայ։
Անդրադառնալով այն տեսանիւթերուն, որ Հալէպի մէջ ինչ որ խումբեր բարձրախօսով կանանց կը յորդորեն գլխաշոր կապել, Պողիկեան նշած է, որ պաշտօնապէս նման պահանջք չկայ։
Խօսելով սուրիահայերու արտագաղթին մասին, Պողիկեան նշած է, որ առաջին քանի մը օրերուն եղած են սուրիահայ ընտանիքներ, որոնք լքած են երկիրը, քանի որ խուճապ կար, սակայն յստակ թիւեր չի կրնար նշել։