image

Քալիֆորնիոյ մէջ սաստիկ անտառային հրդեհներ են. տարհանուած են հազարաւոր մարդիկ, որոնց շարքին նաեւ՝ հայեր

Քալիֆորնիոյ մէջ սաստիկ անտառային հրդեհներ են. տարհանուած են հազարաւոր մարդիկ, որոնց շարքին նաեւ՝ հայեր

ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի Լոս Անճելըս քաղաքի որոշ հատուածներու մէջ տարհանումներ սկսած են՝ մոլեգնող անտառային հրդեհներու պատճառով:

Հրդեհի տարածման կը նպաստէ զօրաւոր փոթորիկը՝ ստեղծելով բնակիչներու կեանքի համար վտանգաւոր պայմաններ, գրած է cbsnews.com-ը։

Տարհանուած է առնուազն 30,000 բնակիչ: Կրակի ոչնչացուցած շինութիւններու թիւը դեռս անյայտ է:

Քալիֆոռնիոյ նահանգապետ Կեւին Նիւսոմը հրդեհներու պատճառով արտակարգ դրութիւն յայտարարած է։

Նախագահ Ճօ Պայտընը յայտարարութեան մէջ ըսած է, որ կը հետեւի զարգացումներուն եւ առաջարկած է որեւէ դաշնային օգնութիւն, որ անհրաժեշտ է սարսափելի հրդեհը մարելու համար: