Ուաշինկթըն «այս պահուն դիտարկելու կամ յայտարարելու որեւէ բան չունի» Հայաստանի հետ ռազմավարական գործընկերութեան մասին փաստաթուղթի ստորագրման վերաբերեալ, «Ամերիկայի ձայն»ի հարցին ի պատասխան յայտարարած են ԱՄՆ պետքարտուղարութիւնէն։
Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան նախօրոք չէր հերքած տեղեկութիւնը, որ առաջիկայ օրերուն Հայաստանն ու Միացեալ Նահանգները պիտի ստորագրեն ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագիր։
Առանց փակագիծեր բանալու՝ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարն ըսած էր, որ հայ-ամերիկեան նախկին պայմանաւորուածութիւնները կ’ենթադրեն նման փաստաթուղթի ստորագրում: