image

Արտաշատի Ակադեմիայի շէնքը պիտի տրուի Արցախէն տեղահանուածներուն

Արտաշատի Ակադեմիայի շէնքը պիտի տրուի  Արցախէն  տեղահանուածներուն

Հայրենի կառավարութիւնը իր այսօրուայ 9 յունուարի նիստին  ընթացքին որոշում կայացուց,  ըստ որուն  Արտաշատ քաղաքի անշարժ գոյքը տրուեցաւ  ՀՀ աշխատանքի եւ  ընկերային  հարցերու  նախարարութեան  ֆոնտին  ԼՂ-էն տեղահանուածները  կացարաններու մէջ տեղաւորելու նպատակով:

Խօսքը Արարատի մարզի Արտաշատ քաղաքի Մռավեան փողոց թիւ 32/1 հասցէի մէջ գտնուող Ակադեմիայի շէնքի մասին է:

Այդ նպատակի վերաբերեալ առկայ է նաեւ ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Խաչատուրեանի յանձնարարականը: