image
Հրատապ լուրեր:

Ոսկեպարի ցեղասպանութիւնը, Խորհրդային բանակը, ատրպէյճանական ՕՄՕՆ-ը. Greek City Times

Ոսկեպարի ցեղասպանութիւնը, Խորհրդային բանակը, ատրպէյճանական ՕՄՕՆ-ը. Greek City Times

Յունական Greek City Times պարբերականն անդրադարձ կատարած է 1991 թուականի լոյս մայիս 6-ին Ոսկեպարի մէջ կատարուած դէպքերուն, երբ Խորհրդային Ատրպէյճանի տարածքին մէջ տեղակայուած Խորհրդային զօրքերու 4-րդ բանակի եւ ատրպէյճանական ՕՄՕՆ-ի ստորաբաժանումները, օգտագործելով ուղղաթիռներ, հրասայլեր եւ ծանր հրետանի, արգելափակած են Խորհրդային Հայաստանի Նոյեմբերեանի շրջանի Ոսկեպար գիւղի մուտքերը եւ մտած գիւղ:

«Ոսկեպարի ցեղասպանութիւնը, Խորհրդային բանակը, ատրպէյճանական ՕՄՕՆ-ը» վերտառութեամբ յօդուածին մէջ նշուած է, որ գիւղ մտած խորհրդային բանակի եւ ատրպէյճանական ՕՄՕՆ-ի ստորաբաժանումները պայթեցուցած են մէկ մեքենայ, որու հետեւանքով զոհուած է երկու, ծանր վիրաւորուած՝ 7 խաղաղ բնակիչ։

Տեղեկանալով Ոսկեպարի մէջ տեղի ունեցածի մասին՝ ոստիկանութեան Նոյեմբերեանի շրջանային բաժնի 20 ոստիկան եւ երեք քաղաքացիական բնակիչ պաշտպանելու նպատակով անտառի միջով փորձած են ներթափանցել գիւղ։ Անոնցմէ 11-ը դաժանաբար սպանուած են, իսկ մնացածը բռնուած եւ տեղափոխուած Ատրպէյճանի Կիրովապատ (Գանձակ) քաղաքի բանտ, ուր եւս երեք մարդ մահացած է։

Խորհրդային զօրքերու ստորաբաժանումները գերած եւ ատրպէյճանական ՕՄՕՆ-ին յանձնած են նաեւ գիւղին մէջ գտնուող եւ բնակավայրը հսկող 45 հայ ոստիկան, որոնք ատրպէյճանական բանտին մէջ ենթարկուած են խոշտանգումներու։ Մայիս 8-ին խորհրդային բանակի հրետակոծութեան հետեւանքով Ոսկեպար գիւղէն զոհուած է եւս երեք խաղաղ բնակիչ։