image

Որոնք են Հայաստանի դաշնակիցները. Ռուս վերլուծաբանի դիտարկումը

Որոնք են Հայաստանի դաշնակիցները. Ռուս վերլուծաբանի դիտարկումը

Բացի Ռուսաստանէն եւ Իրանէն՝ Հայաստանը Հարաւային Կովկասի մէջ այլ դաշնակիցներ չունի։  Այս մասին «NEWS.am»-ի թղթակցի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ռուս լրագրող, ռազմական վերլուծաբան Պաւէլ Ֆելկենկաուըրը։

Հայերը, ինչպէս նշած է լրագրողը, «բացարձակ  պէտք չէ ուրախանան» ամերիկեան հետախուզութեան ղեկավարին այցով։ Սա, անոր խօսքով, բաւականին վատ նշան է։   

«Ան Մոսկուա եկաւ պատերազմէն առաջ․․․Անոր այցը վատ նշան է։  Սա բարեկամական այց չէ։ Սա կրնայ Հայաստանի համար ըլլալ վերջին զգուշացումը»,- պարզաբանած է Ֆելկենկաուըր։

Ինչպէս նշած է փորձագէտը, խնդիրը Հայաստանի մէջ չէ։ Խօսքը, ըստ անոր, Իրանի եւ Ռուսիոյ հետ առճակատման մասին է, որոնք «կարծես վաղը դաշինք պիտի կնքեն, որ, ընդհանուր առմամբ, լրջօրէն կ'ազդէ Մերձաւոր Արեւելքի ողջ իրավիճակին վրայ, եւ, ընդհանրապէս, Անդրկովկասի վրայ»։

«Չարժեր ուրախանալ ամերիկեան հետախուզութեան ղեկավարին այցով։ Ան կը ճանապարհորդէ միայն այն ժամանակ, երբ սովորական դիւանագիտական ​​ուղիներն այլեւս չեն աշխատիր։ Ան գնահատական ​​կու տայ։ Ան եկաւ Մոսկուա եւ, ըստ երեւոյթին, գնահատեց, որ պատերազմն անխուսափելի է։ Համապատասխանաբար, յարաբերութիւնները սկսան կտրուկ վատթարանալ»,-ըսած է ան՝ զգուշացնելով, որ Ուաշինկթընը կրնայ Երեւանը ներառել նոյն ճամբարին մէջ, ուր որ կան Իրանը, Ռուսիոյ Դաշնութիւնը եւ Պելառուսիան:

Հետագային, ըստ փորձագէտի, ԱՄՆ-ն պիտի սկսի ամրապնդել յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի, եւ, ըստ ամենայնի, Թուրքիոյ հետ, «որովհետեւ Թուրքիան, ի հարկէ, աւելի կարեւոր է, քան Հայաստանը՝ տարածաշրջանային որեւէ իրավիճակով»։