image

Ոչ եւս է պէյրութահայ երիտասարդ հայուհի Գարին Փանճարեան-Շիմշիրեանը

      Ոչ եւս է    պէյրութահայ   երիտասարդ հայուհի Գարին  Փանճարեան-Շիմշիրեանը

Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է  Գարին Պօղոս Փանճարեան։

 

 Այս մասին  «Արեւելք» իմացաւ  հանգուցեալի  հարազատներէն։

 

 Հանգուցեալը   ծնած է Պէյրութ 1971-ին։

 

  Պէյրութի «Հայկազեան» համալասարանը աւարտելէ ետք կը նետուի կեանքի ասպարէզ եւ կը գործէ որպէս ընկերային ծառայող։

 

 Եղած է անդամ Հաուըրտ Գարակէօզեան   հիմնարկին ինչպէս նաեւ, որպէս ծնող եւ շրջանաւարտ աշխոյժ գործունէութիւն տարած է Պէյրութի Հայ Աւետարանական  (Էշրէֆիյէ շրջանի) Բարձրագոյն վարժարանէն ներս, թէ իբրեւ ծնողաց  խորհուրդի անդամ եւ թէ ալ իբրեւ շրջանաւարտից միութեան կամաւոր  անդամ։

 

 Ամուսնացած է  Պէյրութահայ ազգայիններէն՝ Սեւակ Շիմշիրեան եւ դարձած մայր երեք որդիներու։

 

 Հանգուցեալ Գարին վերջին տարիներուն կը տառապէր ծանր հիւանդութիւնէ եւ  շնորհիւ իր կամքին ու նուիրեալ ամուսնոյն կարծէք կարողացած էր  յաղթահարել այդ հիւանդութիւնը, սակայն անոր յոգնատանջ սիրտը  դաւաճանած է զինք եւ ան  իր վերջին շունչը կը փչէ սրտի կանգնումի հետեւանքով։ 

 

 Գարինի մահը սգացած են  Պէյրութի բարեսիրական միութիւններ, իսկ վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը պիտի կատարուի այս շաբաթավերջին  անոր կրտսեր որդւոյն Միացեալ Նահանգներէն Պէյրութ դարձէն ետք։