Լաթաքիոյ մէջ յետ կարճատեւ հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքած է հայագաղութի նուիրեալ անդամներէն Նազարէթ Գաբթանեանը։
«Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ համացանցէն։
Այս առթիւ Սուրիոյ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը տարածած է կարճ մահագրական մը, որ կուտանք ստորեւ ՝
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի վաստակաշատ եղբայր, ծառայութեան շքանշանակիր`
Եղբ. Նազարէթ Գաբթանեանի
մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի 16 Սեպտեմբեր 2021-ին։
Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալ եղբօր ընտանիքին եւ հարազատներուն։
Յիշատակը անթառամ կը մնայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական սերունդներուն մէջ։