image

Ոչ եւս է Խորհրդային դիւանագէտներէն՝ Գէորգի Տէր Ղազարեանց

Ոչ եւս է Խորհրդային դիւանագէտներէն՝ Գէորգի Տէր Ղազարեանց

Մոսկուայի մէջ 100 տարեկանին կեանքէն հեռացած է խորհրդային դիւանագէտ, ափրիկեան երկիրներու մէջ ԽՍՀՄ դեսպան Գէորգի Տէր-Ղազարեանցը, յայտնած է «SHOT» թելեգրամեան ալիքը։

Աղբիւրի տուեալներով՝ Տէր-Ղազարեանցը մահացած է դեկտեմբեր 31-ին՝ Ամանորէն ժամեր առաջ։ Տէր-Ղազարեանցի դին Մոսկուայի Եաքիմանկա թաղամասի Մալայա Փոլեանքա փողոցին վրայ գտնուող բնակարանին մէջ յայտնաբերած է անոր 61-ամեայ դուստրը։

Տէր-Ղազարեանցի դիակի վրայ բռնութեան հետքեր չեն յայտնաբերուած։ Նախնական տուեալներով՝ մահուան պատճառ դարձած է սրտամկանի կաթուածը։

Գէորգի Արտաշեսովիչ Տէր-Ղազարեանցը ծնած է 1923 թուականի մարտ 10-ին Պաքուի մէջ։ Ան մասնակցած է Հայրենական մեծ պատերազմին, 1950 թուականէն եղած է ՀԼԿԵՄ ԿԿ առաջին քարտուղարը, 1956 թուակականէն՝ խորհրդային երիտասարդութեան հակաֆաշիստական կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ, ՀԼԿԵՄ ԿԿ բաժնի վարիչ, 1958 թուականէն՝ ԽՄԿԿ ԿԿ պատասխանատու աշխատող, 1961 թուականէն՝ ՀԿԿ ԿԿ քարտուղար, 1966 թուականէն՝ երկրորդ քարտուղար։

1973-1981 թուականներուն Տէր-Ղազարեանցը եղած է ԽՍՀՄ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը Կամպիայի եւ Սենեքալի մէջ, 1983 թուականէն՝ Զիմպապուէի մէջ։