Սամիր Սապրի տաղանդաւոր արուեստագէտ է, ան կը համարուի եգիպտական արդի շարժանկարի ամէնէն երեւելի աստղերէն մին։
Գահիրէի մէջ, իր մահկանացուն կնքած է եգիպտացի անուանի դերասան՝ Սամիր Սապրի:
86 Տարեկան դերասանը մահացած է Գահիրէի հիւրանոցներէն մէկուն մէջ, ուր փոխադրուած էր հիւանդանոցէն ելլելէն ետք: Ան կը տառապէր սրտի բարդ հիւանդութենէ: Սամիր Սապրի ծնած է թատրոնով, պատկերաշարժով եւ երաժշտութեամբ ապրող ընտանիքի մէջ, որուն քաջալերանքը վայելած է միշտ:
Մանկութենէն սիրած է արուեստը: Նախ սկսած է աշխատիլ, որպէս հաղորդող անգլիական ռատիոկայանին մէջ, ապա ուղղուած դերասանութեան եւ երգի: Սապրի մասնակցած է աւելի քան 138 ֆիլմերու, ինչպէս՝ «Ալպահս Ան Ալ Ֆատիհա» (Փնտռել խայտառակութիւնը), «Շաքքա ու Արուսա Եա Րապ» (Բնակարան եւ հարսնացու ով Տէր), «Ալքադլ Ալլազիզ» (Համեղ սպանութիւն): Ան իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ բազմաթիւ տեսաշարերու, ինչպէս՝ «Քատիէդ Րաի Ամ» (Հանրային կարծիքի դատ), իսկ իր վերջին ելոյթը եղած է «Վալանթինօ» (2020) տեսաշարին մէջ նշանաւոր կատակերգակ՝ Ատէլ Իմամի հետ: Ան նաեւ պատրաստած է հեռատեսիլային յայտագիրներ, որոնցմէ ամէնէն յայտնին է «Այս Երեկոյ» ծրագիրը:
Սամիր Սապրի տաղանդաւոր արուեստագէտ է, ան կը համարուի եգիպտական արդի շարժանկարի ամէնէն երեւելի աստղերէն մին։