image
Հրատապ լուրեր:

Ոչ եւս է ազ­գա­յին գոր­ծիչ Շա­հան ­Ֆա­րա­ճեան

Ոչ եւս է ազ­գա­յին գոր­ծիչ Շա­հան ­Ֆա­րա­ճեան

Աթէնքէն տխուր լուր ստացանք։ Օրերս  իր մահկանացուն կնքած է   Յունաստանի ՀՅԴ ընտանիքի նուիրեալ անդամներէն՝ Շահան Ֆարաճեան։Այս առթիւ ալ   «Աթէնք»ի   մեր պաշտօնակից ՝ «Ազատ օր»ը տուած է կարճ լրատւութիւն մը, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

­Հի­ւան­դու­թեան շրջան մը բո­լո­րե­լէ ետք, Ե­րեք­շաբ­թի, 19 ­Սեպ­տեմ­բեր 2023-ի գի­շե­րը, իր աչ­քե­րը փա­կեց յու­նա­հայ գա­ղու­թի վաս­տա­կա­ւոր ազ­գա­յին­նե­րէն, Հ.ՅԴաշ­նակ­ցու­թեան ան­դամ եւ գոր­ծիչ ընկ. ­Շա­հան ­Ֆա­րա­ճեան:
­
Հան­գու­ցեալ ըն­կե­րոջ վաս­տա­կը մեծ ե­ղած է տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին, իր ներդ­րու­մը ու­նե­նա­լով ազ­գա­յին, կրթա­կան, կու­սակ­ցա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս: Օժ­տո­ւած ըլ­լա­լով նաեւ մտա­ւո­րա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով, հան­գու­ցեա­լը կա­րե­ւոր ներ­կա­յու­թիւն ու­նե­ցաւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի հրա­պա­րա­կա­յին ե­լոյթ­նե­րու բե­մե­րէն եւ մա­մու­լի է­ջե­րէն: Ե­ղած է նաեւ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ եւ իր բո­լոր ու­ժե­րով սա­տա­րած է ­Հայ դա­տի հե­տապնդ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն: Իր մա­հով յու­նա­հայ գա­ղու­թը կը կորսնց­նէ մտա­ւո­րա­կան սե­րուն­դի մը ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն մէ­կը:
­
Յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը եւ թաղ­ման կար­գը տե­ղի  ու­նե­ցած դն  Ուր­բաթ, 22 ­Սեպ­տեմ­բեր 2023-ին, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 11-ին, ­Նէոս ­Գոզ­մոսՖիք­սի) Ս. ­Յովհ. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ,   եւ հանգուցեալի  մարմինը   ամ­փո­փուած է՝  Ա­նօ ­Վու­լա­յի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը: