Արմէն Արոյեան՝ սփիւռքահայերը իրենց նախնեաց հայրենիքին հետ կապող բազմամեայ ուղեցոյց, վաւերագրող եւ կամրջող գործիչ, վախճանեցաւ 13 Յունուար 2026-ին, 82 տարեկանին։
Օրերս Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է արմատներով՝ Այնթապցի, աչքերը Գահիրէի մէջ բացած եւ երկար ամեակներէ ի վեր Լոս Անճելըս հաստատուած Արմէն Արոյեանը։
Մեծապէս կը խոնարհինք անոր յիշատակին առաջ եւ «Արեւելք»ի ընթերցող հասարակութեան կը ներկայացնենք Արոյեանի մասին հակիրճ կենսագրական մը։
Ո՞վ էր Արմէն Արոյեան (Հակիրճ տողերու մէջ)
Արմէն Արոյեան՝ սփիւռքահայերը իրենց նախնեաց հայրենիքին հետ կապող բազմամեայ ուղեցոյց, վաւերագրող եւ կամրջող գործիչ, վախճանեցաւ 13 Յունուար 2026-ին, 82 տարեկանին։
Ան ծնած՝ 1943-ին Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ եւ Ալպէրթ եւ Լիւսի Արոյեաններու չորս զաւակներէն մէկն էր։ Արոյեաններու ընտանիքը կը սերէր Այնթապէն ։ 1962-ին Արոյեան արտագաղթեց Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուեցաւ Քալիֆորնիոյ Փասատինա քաղաքը, ուր Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարանէն ստացաւ ճարտարագիտական ուսում եւ երկար տարիներ աշխատեցաւ այդ մարզին մէջ։
Իր մասնագիտական գործունէութեան կողքին, Արոյեան խորապէս ներգրաւուած էր հայկական համայնքային եւ մշակութային կեանքին մէջ։ Տասնամեակներ շարունակ ան ծառայեց որպէս Փասատինայի Կիլիկիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ երգչախումբի ղեկավար եւ նուիրուած ուսումնասիրող ու սիրողական կերպով կը հաւաքագրէր հայ աւետարանական հոգեւոր երաժշտական կտորները։
1980-ականներու վերջաւորութենէն սկսեալ, ան լայնօրէն ճանչցուեցաւ՝ Արեւմտեան Հայաստանի հայկական պատմական վայրեր ուղղուած «ժառանգութեան» ճամբորդութիւններ կազմակերպելով եւ առաջնորդելով, ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին մէջ։ 1991-էն մինչեւ 2016, առաջնորդեց մօտաւորապէս 100 ճամբորդութիւն՝ շուրջ 1,450 մասնակիցներով, զորս ինք կը կոչէր «ուխտաւորներ»։ Ամէն ճամբորդութիւն կը ձեւաւորէր ըստ մասնակիցներուն նախնեաց գիւղերուն եւ քաղաքներուն՝ դարձնելով ուղեւորութիւնը խորապէս անձնական եւ հոգեւոր փորձառութիւն։
Այս աշխատանքով, Արմէն Արոյեան հեռաւոր ափեր ափեր ապրող սփիւռքահայերը ուղղակիօրէն հաղորդակից դարձուց այն վայրերուն, բնապատկերներուն եւ յիշողութիւններուն, որոնք յաճախ միայն ընտանեկան պատմութիւններով ու ժառանգուած յիշողութեամբ ճանչցուած էին։
Ան նոյնպէս մանրակրկիտ կերպով վաւերագրեց այս ճամբորդութիւնները տեսանիւթով՝ հարցազրոյցներ կատարելով տեղի «մնացորդաց» հանդիսացող հայերուն հետ եւ արձանագրութիւններ պահելով եկեղեցիներու, գիւղերու եւ աւերակներու մասին , որոնք տակաւին կը կրեն հայկական կեանքի հետքերը։ 2018-ին իր այս ճամբորդութիւններէն գոյացած հարիւրաւոր տեսաերիզները նուիրեց Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարանի «Դորնսայֆ Հայագիտական Հաստատութեան», ուր անոնք այսօր կը կազմեն Արմէն Արոյեանի Հաւաքածոն ու նաեւ կը բնութագրեն սփիւռքեան նոր վերադարձի եւ պատմական յիշողութեան կարեւոր տեսողական արխիւ մը։