Պոլսոյ երբեմնի հայաշատ շրջան հանդիսացող Գում Գաբու շրջանին մէջ կը գտնուին երկու հիմնական եկեղեցիներ։
Մին Աթոռանիստ Սուրբ Աստուածածին Մայր Տաճարն է, իսկ երկրորդը կը կոչուի Դրսի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցի, որ նաեւ ճանչցուած է, որպէս «Ձկնորսներու եկեղեցի»։
Օրերս վերանորոգութեան եւ բարւոք տեսք ստացման աշխատանքներ տեղի ունեցած են Գում Գաբուի Դրսի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, եւ այդ աշխատանքները, ոչ միայն շինարարական նախաձեռնութիւն մըն էին, այլ համայնքային նուիրումի ու յիշողութեան պահպանման կենդանի արտայայտութիւն։ Այս ամբողջ գործընթացին մէջ կեդրոնական եւ անուրանալի դեր ունեցած է պոլսահայ անուանի ճարտարապետ ու համայնքային գործիչ Տիար Նազար Պինաթլը, որ իր փորձառութեամբ, ճաշակով եւ հետեւողական հոգածութեամբ նպաստած է, որպէսզի եկեղեցին վերագտնէ իր վայելչութիւնն ու պատմական արժէքը։ Անոր ներդրումը միայն ճարտարապետական չէ, այլ նաեւ համայնքային ծառայութեան գեղեցիկ օրինակ մը՝ նուիրուած մեր հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան պահպանման։
Ստորեւ Պատրիարքարանի Դիւանին կողմէ այդ մասին տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Գումգաբու Դրսի Ս. Յարութիւն վերաօծուած եկեղեցւոյ մէջ 10 Մայիս 2026, Կիրակի առաւօտ, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը անդրանիկ Ս. Պատարագը մատոյց: Ինչպէս ծանօթ է, երեք օր առաջ՝ 8 Մայիս, Ուրբաթ, Նորին Ամենապատուութիւնը օծմամբ պաշտամունքի վերաբացած էր մեր այս գողտրիկ աղօթատունը:
Առաւօտուն կատարուեցաւ կանոնական ժամերգութիւն: Ս. Պատարագին Նորին Ամենապատուութեան առընթերակայ էին Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Արժ. Տ. Զաքար Ա. Քհնյ. Քօփարեան: Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներ, ուրարակիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարեցին Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Զուարթնոց եւ Գումգաբու Դրսի Վառվառեան Դպրաց Դաս Երգչախումբերու միացեալ կազմը, ղեկավարութեամբ Բրշ. Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի։ Արարողութեանց մասնակցեցան եկեղեցւոյ քարոզիչ եւ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Շնորհք Վրդ. Տօնիկեան, ինչպէս նաեւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան:
ՔԱՐՈԶ
Տէրունական Աղօթքէ առաջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քարոզեց, ծանրանալով իմաստասիրական մեծագոյն հրամաններէն մէկուն՝ «Ծանի՛ր զքեզ»ի վրայ, զայն կապելով յարութեան: Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ, որ կեանքը մերը չէ, այլ Աստուծմէ մեզի փոխ տրուած՝ ձրիաբար տրուած շրջան մըն է, որմէ մենք պատասխանատու ենք: Կեանքը կ’ապրինք, սակայն չենք վերջանար, յարութիւն կայ: Ցորենի հատիկն ալ հողին մէջ կը թաղուի, սակայն չի մեռնիր: Աստուած մարդուն վերապահած է գեղեցիկ կեանք: Պատրիարք Հայրը ներկաները հրաւիրենց լաւ կեանք ապրելու, շինարար ըլլալու, սիրելու եւ փառք տալու Աստուծոյ, որ մեզի կեանք տուաւ եւ յարութիւն խոստացաւ:
Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ Գումգաբու Դրսի վերաօծուած Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ եւ անգամ մը եւս շնորհաւորեց այս բարեզարթումը, շնորհաւորեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցին բաց պահողներուն ու ծառայողներուն, եկեղեցւոյ քարոզիչ ու հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Շնորհք Վրդ. Տօնիկեանը, Նազլը Տանաճըօղլուի գլխաւորած Թաղային Խորհուրդը, Վառվառեան Դպրաց Դաս Երգչախումբը:
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ նախ կատարուեցաւ պաշտօն՝ եկեղեցւոյ հանգուցեալ հիմնադիրներու, քարոզիչներու, հոգեւոր հովիւներու, բարերարներու ու սատարողներու, ինչպէս նաեւ թաղի հաւատացեալներու հոգւոցն ի հանգիստ։




