Ռուսիան կ'օգնէ բոլորին, բայց Ռուսիոյ այս կազմակերպութենէն որեւէ օգուտ չկայ:
Չեչնիոյ ղեկավար Ռամզան Քատիրովը յայտարարած է, որ «դժուար ժամանակներու մէջ» Ռուսիոյ համար Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութենէն որեւէ օգուտ չկայ։ Քատիրովը կշտամբած է կազմակերպութեան ղեկավարները՝ արեւմտեան պատժամիջոցներու մտավախութեան պատճառով լռութեան համար։
«Ահա գոյութիւն ունի ՀԱՊԿ կազմակերպութիւնը։ Ռուսիան կ'օգնէ բոլորին, բայց Ռուսիոյ այս կազմակերպութենէն որեւէ օգուտ չկայ», ըսած է Չեչնիոյ ղեկավարը։
Դիմելով ՀԱՊԿ առաջնորդներուն որպէս նախկին Խորհրդային Միութեան ղեկավարներ՝ Քատիրով յորդորած է. «Միացէ՛ք եւ ըսէ՛ք ձեր խօսքը: Եթէ կա պետութիւն, եթէ կայ դաշնակից, ան պէտք է որոշէ եւ ընէ իր քայլը։ Ո՞վ փրկեց Պելառուսիան. Ռուսիան: Ո՞վ փրկեց Ղազախստանը. Ռուսիան: Ո՞վ կանգնեցուց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պատերազմը. Ռուսիան: Իսկ երբ օգնութիւնը Ռուսիոյ պէտք է, բոլորը կը լռեն, դուք կը վախնաք պատժամիջոցներէն», ըսած է Քատիրով։