image
Հրատապ լուրեր:

«Ո՜վ Աստուած փրկէ մեզ». Լիբանանցի փրկարարը պատմած է Սուրիոյ մէջ իր իրականացուցած առաքելութեան մասին.(Տեսանիւթ)

  «Ո՜վ Աստուած փրկէ մեզ». Լիբանանցի փրկարարը պատմած է Սուրիոյ մէջ իր իրականացուցած առաքելութեան մասին.(Տեսանիւթ)

Լիբանանեան «Տիֆահ Մատանի»ի («Քաղաքացիական պաշտպանութիւն»՝ կամ ԱԻՆ) փրկարար անդամներէն՝ Ալի Սաֆի Ալ Տինի պատմածները մեծ ուշադրութեան արժանացած են։

Ալի, որ մաս կը կազմէր դէպի Սուրիոյ մեկնած Լիբանանցի փրկարարներու խմբակին լրագրող Մալէք Մաքթապէյի յայտագրէն հանդէս գալով պատմած են այդ ազդեցիկ պահերուն մասին, որմէ անցած է ինք ու իր ընկերները։ Անոր ծանր առաքելութիւնը պսակուած է  յուսատու դէպքով մը երբ կարողացած է  փլատականերուն տակ մնացած մայր մը ու անոր որդին փրկել։

Ալի այս մասին մանրամասն պատմած է եւ այդ անոր խօսքերը աւելիով տարածելու նպատակով «Արեւելք» արաբերէնէ թարգմանելով կը ներկայացնէ ստորեւ՝

 

 (Նշենք նաեւ, որ յայտագրի այդ հատուածի թարգմանութիւնը նոյնպէս հասանելի է հայերէնով ներքոդրեալ տեսանիւթով)։

 

 Սաֆի Ալ Տին մասնաւորապէս պատմած է ՝ 

«Ես ինչ որ տեսայ Սուրիոյ Ժապլէ քաղաքին մէջ սարսափելի էր։ 

 Եւ միշտ կ՚ըսեմ ո՜վ Աստուած փրկէ եւ մեզ հեռու պահէ փորձանքներէ։  Ամբողջ շէնքեր վար առնուած էին. Շէնքերը կրկնեփուկի էին վերածուած։ Շատեր վազքի մէջ, շատեր քնացած, շատեր կը փորձէին փախչիլ եւ խուսափիլ... Պատկերը ահաւոր էր։ Փոքրիկներ, դուստրեր իրենց մօր գիրկերուն, պատկերը անհաւատալի էր։ Մենք որպէս փրկարարներ, կը պոռայինք, կ՚աղաղակէինք, հէ՜յ մարդ կայ այստեղ ու յանկարծ հեռուէն ձայն մը կը լսէինք։   Ու ամենասարսափելին երբ շէնքի մը ամենահեռաւոր կէտին մէջ մայր ու իր երիտասարդ որդին ձայներ հանեցին, աղաղակեցին ...

 Մեր առաքելութիւնը այս անգամ այո անակնկալի բերաւ զիս ու մինչեւ հիմա գուցէ մինչեւ կեանքիս աւարտը պիտի յիշեմ ու վերապրիմ այն պահը, երբ մայրն ու որդին փրկեցինք»։