image

Ո՞ր պարագային Սուրիան պիտի պահպանէ ռուսական ռազմակայանները

Ո՞ր պարագային Սուրիան պիտի պահպանէ ռուսական ռազմակայանները

Սուրիան իր տարածքին մէջ՝ Թարթուսի եւ Հմեյմիմի մէջ, պիտի պահպանէ ռուսական ռազմակայանները, եթէ այդ ձեռնտու ըլլայ երկրին, յայտարարած է անցումային կառավարութեան պաշտպանութեան նախարար Մուրհաֆ Ապու Քասրան։

«Եթէ մենք անկէ օգուտ քաղենք Սուրիոյ համար, ապա՝ այո»,- պատասխանած է ան The Washington Post-ի համապատասխան հարցին։

Ինչպէս հաղորդած է EADaily-ն, սուրիական SANA գործակալութիւնը աւելի վաղ պնդած էր, որ սուրիական նոր իշխանութիւնները, իբր, դիմած են Մոսկուային փոխհատուցման համար՝ «վստահութիւնը վերականգնելու համար» եւ պահանջած են արտայանձնել երկրի նախկին նախագահ Պաշշար Ասատը։ Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը հրաժարած է մեկնաբանել այս տեղեկութիւնը։

Bloomberg գործակալութիւնը, յղում ընելով մոսկովեան իր աղբիւրին, յայտնած է, որ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը չի կրնար համաձայնութեան գալ Դամասկոսի հետ Հմեյմիմի եւ Թարթուսի մէջ ռուսական ռազմակայաններու պահպանման հարցով։