«Մայր Հայաստան» խմբակցութիւնը Երեւան քաղաքի աւագանիի այսօրուան նիստի ժամանակ արշաւ իրականացուց ընդդէմ հանրային փոխադրութեան ուղեվարձի բարձրացման:
Նշենք, որ նիստին կը քննարկուէր Երեւանի մէջ հանրային փոխադրութենէն օգտուող տարբեր խումբերու քաղաքացիներու արտօնութիւններ տրամադրելու հարցը։ Փաթեթը համատեղ ներկայացուցած են «Քաղաքացիական պայմանագիր» եւ «Հանրապետութիւն» խմբակցութիւնները։
«Մայր Հայաստան» խմբակցութեան աւագանիի անդամ Մանուկ Սուքիասեանի ելոյթի ժամանակ նոյն խմբակցութեան անդամները բարձրացան եւ կանգնեցան անոր կողքին, անոնց ձեռքին կային պաստառներ՝ «Ո՛չ 300 դրամներուն» գրութեամբ:
Աւագանիի ՔՊ-ական անդամները այս արշաւը անուանեցին «շոու»։ Մասնաւորապէս, աւագանիի ՔՊ–ական անդամ Արման Բաբաջանեանը յիշեցուց, որ սակագինը դեռ 8 ամիս առաջ հաստատուած է, ու ինքը չի հասկանար, թէ հիմա ինչ կ՚ուզէ ընդդիմութիւնը, իսկ այսօր օրակարգին մէջ արտօնութիւններու փաթեթի հարցի քննարկումն է։