Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն կը կարդանք
Լիբանանահայ գաղութը պահպանողն է բարի եւ ազգօգուտ աւանդութիւններուն , իսկ մանաւանդ օրհասական պահերուն ներքին միասնութիւնը կը մնայ ամենակարեւոր գործօնը։
Մանաւանդ այսպիսի ժամանակներուն, նման հանդիպում մը չափազանց դրական եւ կարեւոր կը նկատուի։ Հակառակ ամէն տեսակի տարաձայնութիւններուն, ՀՅԴ-ի պատուիրակութիւն մը օրերս այցելեց Պէյրութի մէջ գտնուող ՀՀ դեսպանատունը, ուր ընդունուեցաւ Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Սարմէն Բաղդասարեանէն։
Յիշեցնենք, որ ՀՅԴ-էն առաջ նոյնաբնոյթ հանդիպումներ տեղի ունեցած էին ՌԱԿ-ի եւ ՍԴՀԿ-ի կառոյցներուն հետ։ Սակայն, ի տարբերութիւն նախորդ երկու հանդիպումներուն—երբ դեսպանը անձամբ այցելած էր ՌԱԿ եւ ապա ՍԴՀԿ կեդրոնները—այս պարագային ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցի ներկայացուցիչներն էին, որ այցելեցին դեսպանատուն եւ ընդունուեցան դեսպանին կողմէ։ Վստահ եմ, որ մօտ ապագային դեսպանը կը փոխադարձէ այս այցելութիւնը եւ կայցելէ ՀՅԴ գլխաւոր կեդրոնատեղին՝ Շաղզոյեան կեդրոն։
Լիբանանահայ գաղութը պահպանողն է բարի աւանդութիւններն են, իսկ մանաւանդ օրհասական պահերուն ներքին միասնութիւնը կը մնայ ամենակարեւոր գործօնը։