Փարթամեան կը պատմէ, թէ վերջերս մեծ բաւարարութիւն ստացած է, երբ ստացած է հաղորդագրութիւն մը՝ 2021 թուականէն ի վեր իր կողմէ հովանաւորուած ուսանողներէն մէկուն ուսման վերջնական վճարման վերաբերեալ։ Այդ պահը, ըստ անոր, դարձած է հոգեկան մեծ գոհունակութեան աղբիւր՝ ապացուցելով, որ հետեւողական աջակցութիւնը կրնայ իրական փոփոխութիւն բերել երիտասարդի կեանքին մէջ։
Սփիւռքէն Հայաստան հաստատուած արեւմտահայերու ուսման սատարելու հարցը վերջին տարիներուն ստացած է առանձնայատուկ կարեւորութիւն՝ ոչ միայն որպէս մարդասիրական պարտաւորութիւն, այլեւ որպէս ազգային շարունակականութեան ապահովման հիմնասիւն։ Մանաւանդ՝ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով հազարաւոր հայ ընտանիքներ ստիպուած եղան լքել իրենց տուներն ու համայնքները՝ նոր կեանք սկսելու համար Հայաստանի մէջ։
Պատերազմը յատկապէս ծանր հարուած հասցուց Սուրիոյ հայաշատ քաղաքներուն, որոնց շարքին՝ Հալէպը, որ տասնամեակներ շարունակ եղած էր սփիւռքահայ մշակութային ու կրթական կեդրոն։ Հալէպի մէջ ընթացած բախումները, ռմբակոծութիւններն ու տնտեսական փլուզումը պատճառ դարձան, որ հազարաւոր հայեր դառնան անտուն ու անօթեւան։ Շատեր կորսնցուցին իրենց գոյքը, աշխատանքը, կրթական հնարաւորութիւնները եւ ստիպուեցան գաղթել՝ մեծ յոյսերով, բայց նաեւ անորոշութեամբ լի ապագայի դիմաց։
Հայաստան հասած այս ընտանիքներուն համար կրթութիւնը դարձաւ վերակառուցման ամենակարեւոր միջոցներէն մէկը։ Սակայն իրականութիւնը կը մնայ դժուար․ ուսման ծախսերը, լեզուական տարբերութիւնները, ընկերային պայմանները եւ հոգեբանական հետեւանքները լուրջ խոչընդոտներ կը ստեղծեն երիտասարդներու համար։ Հետեւաբար, սփիւռքահայ այս ուսանողներուն աջակցիլը միայն կրթական խնդիր չէ, այլ նաեւ ազգային ներդրում՝ ուղղուած մարդկային ներուժի պահպանման եւ զարգացման։
Այս համատեքստին մէջ առանձնակի նշանակութիւն կը ստանան անհատական ու հասարակական նախաձեռնութիւնները, որոնք կը լրացնեն պետական կամ կազմակերպական ջանքերը։ Այդպիսի նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած է հայկական մշակոյթի ջատագով եւ հաղորդավար՝ Ստեփան Փարթամեանը, որ իր վերջին գրառմամբ վերահաստատած է աջակցութեան կարեւորութիւնը։
Փարթամեան կը պատմէ, թէ վերջերս մեծ բաւարարութիւն ստացած է, երբ ստացած է հաղորդագրութիւն մը՝ 2021 թուականէն ի վեր իր կողմէ հովանաւորուած ուսանողներէն մէկուն ուսման վերջնական վճարման վերաբերեալ։ Այդ պահը, ըստ անոր, դարձած է հոգեկան մեծ գոհունակութեան աղբիւր՝ ապացուցելով, որ հետեւողական աջակցութիւնը կրնայ իրական փոփոխութիւն բերել երիտասարդի կեանքին մէջ։
Միաժամանակ, ան կոչ ըրած է հանրութեան՝ միանալու իր նախաձեռնութեան՝ մասնակցելով «Gata Band»-ի յառաջիկայ համերգին` գնելով տոմսեր։ Ան կը շեշտէ, որ այս աջակցութիւնը պիտի նպաստէ, որպէսզի ինք եւս կարենայ նոյն բաւարարութիւնը զգալ այն օրը, երբ իր աջակցութեամբ ուսանող մնացած եօթը երիտասարդները եւս աւարտեն իրենց ուսումը։
Այս նախաձեռնութիւնը կը դառնայ օրինակ այն բանի, թէ ինչպէս անհատական ջանքերը կրնան վերածուիլ իրական ազդեցութեան՝ կրթութեան խթանման եւ երիտասարդ սերունդի ապագայի կերտման գործին մէջ։ Նման քայլեր ոչ միայն կը լուծեն անմիջական խնդիրներ, այլ նաեւ կը ներշնչեն վստահութիւն, համերաշխութիւն եւ հաւատք՝ համազգային միասնականութեան ուժին նկատմամբ։
Ստորեւ մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան կը յանձնենք յառաջիկային Լոս Անճըլըսի մէջ տեղի ունենալիք «Կաթա Պէնտ»ի համերգի տոմսերը ստանալու կարելիութիւնը տուող յղում- լինքը, վստահ ըլլալով, որ հայրենակիցներէն շատ-շատեր պիտի անսան, արձագանգեն ու միանան Ստեփան Փարթամեանի նախաձառնութեան։

