Ռուսական հետախուզութիւնը Իրանին տրամադրած է Իսրայէլի տարածքին մէջ գտնուող ուժանիւթային ենթակառուցուածքներու 55 կարեւորագոյն թիրախներու մանրամասն ցանկը։ Այս մասին հաղորդէծ է The Jerusalem Post-ը, վկայակոչելով ուքրանական հետախուզութեան մօտ կանգնած աղբիւրը։
Զեկոյցը, որ կ՚ընդգծէ Մոսկուայի եւ Թեհրանի միջեւ խորացող ռազմական եւ հետախուզական համագործակցութիւնը, կը յուշէ, որ փոխանցուած տեղեկութիւնները Իրանին հնարաւորութիւն կու տան ճշգրիտ հրթիռային հարուածներ հասցնել Իսրայէլի ուժանիւթային համակարգին։
Ստացուած տուեալներուն համաձայն՝ թիրախները բաժնուած են երեք կարգերու՝ ըստ անոնց ռազմավարական կարեւորութեան։
Առաջինը՝ կենսական արտադրական կառոյցներն են։ Ասոնք այն վայրերն են, որոնց ոչնչացումը կրնայ կաթուածահար ընել ազգային ուժանիւթային համակարգը։ Զեկոյցին մէջ յատկապէս նշուած է «Օրոթ Ռապին» ելեկտրակայանը՝ որպէս առաջնահերթ թիրախ։
Երկրորդը՝ մեծ քաղաքային եւ արդիւնաբերական ուժանիւթային հանգոյցներն են։ Այս կառոյցները հիմնական տեղակայուած են Իսրայէլի կեդրոնական հատուածին մէջ եւ կը սպասարկեն մեծ բնակավայրեր։
Երրորդը՝ տեղական ենթակառուցուածքներն են, որոնք կը ներառեն տարածաշրջանային ենթակայաններ, որոնք կը սնուցեն արդիւնաբերական գօտիները եւ փոքր ելեկտրակայանները։
Իսրայէլի խոցելիութեան վերաբերեալ ռուսական կողմի գնահատականը այն է, որ՝ ի տարբերութիւն եւրոպական շատ երկիրներու, Իսրայէլի ուժանիւթային ցանցը կը բնութագրուի մեկուսացման բարձր աստիճանով։
Քանի որ Իսրայէլը «ուժանիւթային կղզի» է, որ ելեկտրականութիւն չի ներմուծեր դրացի երկիրներէն, ռուսական հետախուզութիւնը, ըստ տեղեկութիւններուն, Իրանին հաղորդած է, որ նոյնիսկ քանի մը կեդրոնական բաղադրիչներու վնասումը կրնայ յանգեցնել ուժանիւթային համակարգին լիակատար եւ տեւական փլուզման՝ առաջացնելով զանգուածային հոսանքազրկումներ եւ տեխնիկական խափանումներ, որոնք դիւրութեամբ վերականգնել կարելի պիտի չըլլայ։