image

«Շուտով լաւ պիտի ըլլայ»-ն սպառած է՞ արդեօք

«Շուտով լաւ պիտի ըլլայ»-ն սպառած է՞ արդեօք

Ոչ ոք քաջութիւնը կամ համարձակութիւնը ունի ըսելու որ այդ ծամօնը պէտք է թափել, թէ անիմաստ է այդ ծամել, թէ եթէ ծամես իսկ, երեւութապէս միայն բերանդ պիտի շարժի, ոչ աւելի ոչ պակաս՝ ոչ մէկ օգուտ, ընդհակառակը՝ անհամութիւն։ Ոչ ոք պիտի ըսէ «Կը ներէք տեղը չէ, բայց աղբամանը ո՞ւր է, այս ծամօնը պէտք է թափեմ»։

Լիբանանահայ օգտատէր Սագօ Գասապեան կը գրէ՝ 

Եթէ մեզի տրուած կեանքը չորս արար ունի, երեք արարները անվերադարձ են՝ շոգիացած. եթէ երեք արարով եկած ենք, երկուքը սպառած են։

Բոլոր այս արարները՝ մանկութենէն պատանեկութիւն, երիտասարդութենէն ցայսօր՝ կամուրջին միւս կողմը անցնելու շեմին՝ տեսակ-տեսակ պատերազմի մէջ անցուցած, ապահովական անկայուն օրերու մէջ մաշած, միշտ սպասողական, «շուտով լաւ պիտ ըլլայ» եւ նման խոստումներով խաբուած, արարներուն միջեւ սուտ կրակմար-խաղաղութիւնը շռայլութեամբ վայելած մեր սերունդը ահա դէմ յանդիման կը գտնուի դառն իրականութեան՝ կեանքի մնացեալ արարները եւս պիտի ըլլան արիւնի, վառօդի, սարուխի, սթրեսի, սպանութեան, անապահովութեան, կեղծիքի, շահագործուելու եւ կամաւոր խաբուելու ներկայացումներ։

Երրորդ աշխարհին մէջ կամայ-ակամայ ապրողներս, գոյատեւելու այս սպառիչ հանգրուանին գրեթէ համոզուած ենք, որ եթէ վաղը առտո՛ւ իսկ խաղաղութեան աղաւնին ձիթենիի ճիւղով յայտնուի, անօդաչուներն ու թնդանօթները լռեն, մարդոց միջեւ ատելութիւնը վերանայ, մէկ խօսքով հրա՛շք պատահի, նուազագոյնը քսանէն երեսուն տարի պէտք է, որ վերադառնանք... հոն՝ ուր որ էինք ամիս մը առաջ՝ մժեղոտ ճահիճին եզերքը. այսինքն «ի վերին երուսաղէմ» շարականով մկրտուելէ ետք «լաւ պիտի ըլլայ»։

Վերը նշած բոլոր արարներուս դառնութեան մասին դժուար պիտի հասկնան անոնք որոնք այդ լեղի բաժակէն չեն խմած, երբեք պիտի չհասկնան անոնք որոնք պատեհապաշտներուն եւ փառքի վաշխառուներուն հետ ստիպուած նոյն դրօշին տակ չեն եղած, ոչինչ պիտ ընկալեն անոնք՝ որոնք չեն պայքարած փտած ընկերութեան դէմ, եւ մեկուսացումով գին չեն վճարած, այս տողերը ցնորաբանութիւն պիտի համարեն բոլոր անոնք որոնք կարճերուն երկար համբերութեամբ չեն շալկած, եւ բան մը պիտի չհասկնան բոլոր անոնք որոնք ստախօս-պնակալէզները միչեւ այսօր կը համարեն «փորձառու-աշխատասէր»։ 

Ձեր բերնին մէջ շաքարին համը գացած ծամօն մտաբերեցէք. ահա ճի՛շդ այդ վիճակը կը տիրէ՝ եթէ «կուլտուրական» ձեւով պիտի պարզեմ միտքս։ Ոչ ոք քաջութիւնը կամ համարձակութիւնը ունի ըսելու որ այդ ծամօնը պէտք է թափել, թէ անիմաստ է այդ ծամել, թէ եթէ ծամես իսկ, երեւութապէս միայն բերանդ պիտի շարժի, ոչ աւելի ոչ պակաս՝ ոչ մէկ օգուտ, ընդհակառակը՝ անհամութիւն։ Ոչ ոք պիտի ըսէ «Կը ներէք տեղը չէ, բայց աղբամանը ո՞ւր է, այս ծամօնը պէտք է թափեմ»։ Ոչ ոք պիտ ըսէ թէ երրորդ աշխարհին արժանի չես, թէ կեանքը կարճ է, մնացեալ արարներուն ալ անհամութիւն չտեսնես, եւ աւարտին՝ ինչպէս միշտ չզգուշացնելուն համար հարեւան Զարուկը յանցաւոր չհանես։

Զարուկին ձեռագիր նամակն է որ հոս արտագրեցի. ձեռագիրը ղրկած եմ աւելի ապահով վայր։