image

Լիբանանի մէջ այսօր «Սգոյ օր» է

Լիբանանի մէջ  այսօր  «Սգոյ օր» է

 

Լիբանանի կառավարութիւնը Ապրիլ 9-ը յայտարարած է ազգային սուգի օր՝ ի յիշատակ իսրայէլեան օդային հարուածներու զոհերուն։ Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի Ազգային լրատուական գործակալութիւնը (NNA)։

«Հինգշաբթի օրը պիտի ըլլայ ազգային սուգի օր՝ հարիւրաւոր անմեղ եւ անզէն քաղաքացիներու դէմ ուղղուած Իսրայէլի յարձակումներու զոհերուն եւ վիրաւորներուն համար»,– յայտարարած է Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամը։

Նախագահական պալատին մէջ իջեցուած են ազգային դրօշները՝ ի նշան Իսրայէլի յարձակումներու նահատակներուն յիշատակին։

Իսրայէլական բանակը Ապրիլ 8-ի կէսօրէն յայտարարած էր, որ լայնածաւալ օդային հարուածներ հասցուցած է Պէյրութի, Պեքայի հովիտի եւ հարաւային Լիբանանի տարածքներուն։

Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Իսրայէլի օդային հարուածներու հետեւանքով Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ զոհերու թիւը հասած է 182-ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 890-ի։

Ըստ Reuters-ի՝ զոհերու ամէնէն մեծ թիւը արձանագրուած է մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ՝ 91 զոհ։

Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը նաեւ յայտարարած է, որ Մարտ 2-էն մինչեւ Ապրիլ 8 ինկած ժամանակաշրջանին զոհուածներու ընդհանուր թիւը հասած է 1739-ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 5873-ի։

Լիբանանը Մարտ 2-էն ի վեր ներքաշուած է Մերձաւոր Արեւելքի պատերազմին մէջ այն բանէ ետք, երբ Իրանի աջակցութեամբ «Հըզպալլա» շարժումը հրթիռներ արձակեց Իսրայէլի վրայ։ Ի պատասխան՝ Իսրայէլը կը կատարէ ցամաքային եւ օդային բուռն յարձակումներ Լիբանանի մէջ։