image

Թրամփի «կարմիր գիծերը» չեն փոխուած, եւ ան Թեհրանի սկզբնական 10-կէտանոց ծրագիրը «աղբը նետած է». Սպիտակ տուն

Թրամփի «կարմիր գիծերը» չեն փոխուած, եւ ան Թեհրանի սկզբնական 10-կէտանոց ծրագիրը «աղբը նետած է». Սպիտակ տուն

Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Քերոլայն Լեւիթը յայտարարած է, որ իրանական կողմը նախագահ Տանըլտ Թրամփի ներկայացուցած վերջնաժամկէտէն առաջ զինադադար խնդրած է եւ համաձայնած է բանալ Հորմուզի նեղուցը։

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ան յիշեցուցած է, որ Թրամփ աւելի վաղ յայտնած էր Իրանէն առաջարկ ստանալու մասին եւ նշած, որ ան «աշխատանքային հիմք» պիտի դառնայ բանակցութիւններուն համար։

Միեւնոյն ժամանակ, Լեւիթի խօսքով, Իրանի կողմէ աւելի վաղ ներկայացուած 10 կէտէ բաղկացած նախնական առաջարկը եղած է «անլուրջ, անընդունելի»։

«Ան բառացիօրէն աղբը նետուած է նախագահ Թրամփի եւ անոր բանակցող խումբին կողմէ»,– ըսած է խօսնակը՝ աւելցնելով, որ բազմաթիւ լրատուամիջոցներ կեղծ լուրեր տարածած են, թէ այդ ծրագիրը ընդունելի եղած է ԱՄՆ-ի համար։

Պաշտօնեան նշած է, որ վերջնաժամկէտի մօտենալուն պէս Իրան ամերիկեան կողմին ներկայացուցած է «աւելի խելամիտ, բոլորովին այլ եւ սեղմ ծրագիր», որ, ըստ նախագահի եւ անոր խումբին, կրնայ ծառայել որպէս աշխատանքային հիմք եւ համապատասխանիլ ամերիկեան 15 կէտէ բաղկացած ծրագրին։

«Նախագահի կարմիր գիծերը, մասնաւորապէս՝ Իրանի մէջ ուրանի հարստացման դադրեցումը, չեն փոխուած։ Եւ այն միտքը, որ նախագահ Թրամփը որպէս գործարք երբեւէ պիտի ընդունէր իրանական ցանկութիւններու ցուցակ, ամբողջովին անհեթեթ է»,– աւելցուցած է ան։

 

ԱՄՆ-ն եւ Իրանը Ապրիլ 8-ին յայտարարած են երկշաբաթեան զինադադարի մասին, որուն ընթացքին բանակցութիւններ պիտի վարեն։