image

«Ուժեղ Հայաստան»-ի ընտրական ցուցակի առաջին անունը՝ Նարեկ Կարապետեանն է

«Ուժեղ Հայաստան»-ի ընտրական ցուցակի առաջին  անունը՝ Նարեկ Կարապետեանն է

Ապրիլ 8-ին տեղի ունեցած է «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան համագումարը, որու օրակարգին մէջ ընդգրկուած էր Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն մասնակցութեան եւ առաջիկայ ընտրութիւններուն ընտրական ցուցակի առաջին 36 թեկնածուներու ցանկը հաստատելու մասին հարցերը։

Կուսակցութեան համագումարը միաձայն որոշում կայացուցած է մասնակցելու առաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ դաշինքի ձեւաչափով։

Կուսակցութեան համագումարը մէկ այլ որոշմամբ հաստատած է դաշինքի ընտրական ցուցակի առաջին 36 թեկնածուներու անունները։

«Ուժեղ Հայաստան»-ի վարչապետի թեկնածուն կուսակցութեան նախագահ Սամուէլ Կարապետեանն է։

Դաշինքի ընտրական ամբողջ ցուցակը պիտի ներկայացուի ապրիլ 11-ին, ժամը՝ 17.00-ին, Ազատութեան հրապարակին մէջ դաշինքի կողմէ հրաւիրուած միասնութեան հանրահաւաքին։

Դաշինքի նախընտրական ցուցակի առաջին 36 թեկնածուներն են՝

1. Նարեկ Կարապետեան

2. Արամ Վարդեւանեան

3. Գոհար Մելոյեան

4. Դաւիթ Ղազինեան

5. Ռուբէն Մխիթարեան

6. Արեգա Յովսէփեան

7. Մամիկոն Ասլանեան

8. Հայկ Ֆարմանեան

9. Մարիաննա Ղահրամանեան

10. Հայկ Սուքիասեան

11. Աշոտ Ֆարսեան

12. Իրինա Եոլեան

13. Էդգար Ղազարեան

14. Տիգրան Աբրահամեան

15. Լենա Մաթեւոսեան

16. Ռոպերթ Կադարեան

17. Գրիշա Թամրազեան

18. Լիլիա Շուշանեան

19. Անդրանիկ Գէորգեան

20. Գառնիկ Դաւթեան

21. Լիանա Գասպարեան

22. Արթուր Դանիէլեան

23. Վաղինակ Վարդանով

24. Լիանա Մանուկեան

25. Աւետիս Առաքելեան

26. Յարութիւն Մնացականեան

27. Լիլիթ Ղարաջեան

28. Վրոյր Այվազեան

29. Շիրազ Մանուկեան

30. Անուշ Միրզոյեան

31. Լեւոն Նալբանդեան

32. Արկադի Թամազեան

33. Յասմիկ Ենգոյեան

34. Ալեքսանդր Սարգսեան

35. Մհեր Աղամեան

36. Գոհար Օսիպեան