Սիրեցեալ կողակից, նուիրեալ մայր եւ իր մեծ ու փոքր ընտանիքին հասնող հայուհի։Օրերս Այնճարի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Փառանձեմ Թապագեանը վիշտի մատնելով զինք ճանչցնողներն ու առհասարակ Այնճարի մեր հայրենակիցները։
Ստորեւ հանգուցեալի մահազդը՝
ՄԱՀԱԶԴ՝
Տիար Նշան Թապագեան եւ զաւակները' Հայկ եւ Արփի
Տիար Մուրատ եւ օրդ. Սոնա Տուտագլեաններ
Տէր եւ Տիկ. Զաւէն եւ Թերէզ Գազանճեան
Տէր եւ Տիկ. Խաչիկ եւ Ժագլին Գասպարեան
Տէր եւ Տիկ. Վարդան եւ Վարդուկ Աթաշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ Տիկ. Րաֆֆի եւ Կրէյս Թապագեան եւ զաւակունք
Եւ համայն '
Թապագեան, Տուտագլեան, Գազանճեան, Գասպարեան, Աթաշեան,
Չափարեան եւ Գուճանեան ընտանիքներ'
կը գուժեն իրենց տիկնոջ, մօր, քրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին'
Փառանձեմ Թապագեան-ի (Ծնեալ Տուտագլեան, 1975, Այնճար)
մահը, որ պատահեցաւ 3 Ապրիլ 2026-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի վաղը' Շաբաթ ,4 Ապրիլ 2026-ին , կէսօրուայ ժամը 1։00-ին Այնճարի "Ս. Պօղոս" եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի ազգային գերեզմանատունը։
Ներկայս ընդունիլ որպէս մահազդ։
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին յետ թաղման արարողութեան եկեղեցւոյ սրահին մէջ,մինչեւ երեկոյեան ժամը 6։00, իսկ երեքշաբթի 7 Ապրիլին,Նոր Սիսի "Ազիրեան" ակումբի սրահին մէջ Կ.Ե.ժամը 1։00էն մինչեւ ժամը 6։00։
Կը խնդրուի փոխան ծաղկեպսակի նուիրատւութիւնները կատարել Այնճարի "Ս.Պօղոս" եկեղեցւոյ։