Չնայած յայտնի ծնողներ ունենալուն՝ Վինսընթ կը սիրէ համեստ կեանք մը վարել եւ հազուադէպ գրառումներ կ'ընէ ընկերային ցանցերու իր էջերուն վրայ: Վերջին անգամ ան դիմատետրի իր էջին հրապարակած է 2012-ին։ Ան նաեւ Ինսթիկրամ-ի օգտահաշիւ ունի, բայց երբեք որեւէ բան չի հրապարակեր:
Ամերիկացի հանրայայտ երգիչ Ռէյ Չարլզ եւ ֆրանսացի երգչուհի, երգահան եւ լուսանկարիչ Արլեթ Գոչունեան ունեցած են որդի մը՝ Վինսընթ Գոչունեան:
Ան ծնած է 1977-ին Լոս Անճըլոս:
Վինսընթի մասին տեղեկութիւնները կը թաքցուէին լայն հասարակութենէն՝ չնայած անոր ծնողներու համբաւին։ Ան նոյնպէս կը ձգտի հեռու մնալ հանրութեան ու լրատուամիջոցներու ուշադրութենէն։
Որոշ տեղեկութիւններու համաձայն՝ Վինսընթ նախապէս իրաւական հարցեր ունեցած է։ Ան կ'ապրի Լոս Անճըլոս, ուր պահուած են անոր ձերբակալութիւններու արձանագրութիւնները։
Ըստ Վինսընթի դիմատետրեան էջին՝ ան յաճախած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարան (USC), որ աշխարհի առաջատար մասնաւոր հետազօտական հաստատութիւններէն է եւ յայտնի է, որպէս արուեստի, միջազգային ձեռնարկատիրութեան ու արհեստագիտութիւններու համաշխարհային կեդրոն։
Դատելով անոր տեղադրած լուսանկարներէն՝ ան ոչ միայն այնտեղ աշխատած է, այլ նաեւ մարզուած։ Բացի մարզանքի հանդէպ սէրէն, Վինսընթ կարծես գեղարուեստական կողմ ունի: 1989-ին անոր հայրը թողարկած է ալպոմ, որուն կողքը Վինսընթի նկարն է։
Չնայած յայտնի ծնողներ ունենալուն՝ Վինսընթ կը սիրէ համեստ կեանք մը վարել եւ հազուադէպ գրառումներ կ'ընէ ընկերային ցանցերու իր էջերուն վրայ: Վերջին անգամ ան դիմատետրի իր էջին հրապարակած է 2012-ին։ Ան նաեւ Ինսթիկրամ-ի օգտահաշիւ ունի, բայց երբեք որեւէ բան չի հրապարակեր:
2002-ի Սուրբ Ծնունդէն անմիջապէս առաջ, անոր հայրը հաւաքած է իր բոլոր երեխաները եւ ըսած, որ ան մահացու հիւանդ է։ Լոս Անճըլըսի օդակայանին մօտ գտնուող հիւրանոցին մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ Վինսընթ բոլոր քոյրերն ու եղբայրները հաւաքուած էին միասին։
Ռէյ Չարլզ իր երեխաներուն ըսած է, որ կը պայքարի քաղցկեղի դէմ եւ գիտէ, որ երկար պիտի չապրի: Ան ըսած է, որ իր երեխաներէն իւրաքանչիւրին իր կտակով կը ձգէ 500 հազար ամն տոլար:
Վինսընթի մայրը՝ Արլեթ Գոչունեան 76-ամեայ ֆրանսացի երգչուհի է, երգահան եւ լուսանկարիչ։ Իր ասպարէզի սկիզբը ան հանդէս եկած է Արլեթ Աւետեան եւ Անն Կրեկորի անուններով։
1963-ին ան սկսած է իր ասպարէզը, որպէս երգչուհի՝ ձայնագրելով իր առաջին երգը՝ «The People Say/You Laugh at Me»-ն։ Երգի անգլիական տարբերակը՝ «The Sun Died»-ը դարձած է հանգուցեալ Ռէյ Չարլզի երգացանկի լաւագոյն երգերէն մէկը։ Այն գրած է Անն Կրեկորին։ Ան նաեւ երգեր գրած է Էտի Լուիի, Մարդին Քլեմանսոյի եւ այլոց համար։
Իր հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին Արլեթ պատմած է, որ որդին միշտ հետաքրքրուած է իր հայկական արմատներով եւ տիրապետած հայերէն լեզուին։ Անոր խօսքով՝ իր ծնողները գաղթած են 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառով։
Նիւթը՝ «Նիւզ.ամ» կայքէն։