Հետախուզում յայտարարուած է ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Վիգէն Սարգսեանի նկատմամբ։ Այս մասին կը տեղեկացնեն Դատախազութենէն:
Նշենք, որ Վիգէն Սարգսեան կը մեղադրուի պաշտօնէական լիազօրութիւնները անցնելու մեղադրանքով: Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը աւելի վաղ բաւարարած էր ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Վիգէն Սարգսեանը կալանաւորելու միջնորդութիւնը:
Ըստ իրաւապահներու՝ ան 2018 թուականի յունուարին պաշտպանական գերատեսչութեան հաշուեկշռին մէջ գտնուող շէնքի բնակարաններու բաշխման գործընթացին մէջ դիտաւորութեամբ կատարած է իր լիազօրութիւններու շրջանակէն ակնյայտօրէն դուրս գործողութիւններ:
Դատախազութիւնը վարոյթը իրականացնող մարմնին յանձնարած է միջոցներ ձեռնարկել Սարգսեանի նկատմամբ հետախուզում յայտարարելու ուղղութեամբ:
Մեղադրանքի առնչութեամբ Վիգէն Սարգսեանը յայտարարութիւն տարածած էր, նշելով, որ իր նկատմամբ այդպիսով կ'իրականացուի քաղաքական հետապնդում եւ մարդու իրաւունքներու բացայայտ ոտնահարում, ինչպէս արդէն բացայայտօրէն կ'ըլլայ տարիներ շարունակ բոլոր ընդդիմադիրներու նկատմամբ:
«Հրապարակէ՛ք բնակարաններ ստացածների ցանկն`իւրաքանչիւրի մարտական ուղին եւ վաստակը նշելով, եւ նրանց ցանկը, որոնց իրաւունքները հսկող դատախազի կարծիքով խախտուել են: Նողկալի է»,- գրած էր նախկին նախարարը: