Որպէս եզրափակիչ կատարում, երգչուհին ներկայացուց «Երեւան Էրեբունի» երգը, որու աւարտին դահլիճը արձագանգեց յուզիչ եւ բարձրաձայն գնահատանքի դրսեւորումներով՝ «ապրի՜ս» կոչերով եւ երկարատեւ ծափերով։
Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն կը կարդանք՝
Սիրուած երգչուհի Մարալ Այվազ-Չաղլըչուպուքճու անցեալ շաբաթավերջին Վիեննա մեկնեցաւ, երաժշտական յաջող ելոյթ մը ունենալով երաժշտասէր հանրութեան մը համար։
Յայտագիրը կազմակերպուած էր նախկին պոլսեցի, ներկայիս վիեննաբնակ Արման Կիւզելի նախաձեռնութեամբ։ Ան շուրջ յիսուն տարիէ ի վեր Աւստրիոյ մէջ կ'ապրի, հաստատած է բարեկամական լայն շրջանակ մը՝ Պոլսոյ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Պարսկաստանի հայրենակիցներու հետ։
Երաժշտական երեկոն տեղի ունեցաւ 19 Ապրիլ Կիրակի երեկոյեան, «Էփոս» անուն համեստ ճաշարանի մը մէջ, ուր ներկայ էին ո՛չ միայն հայազգի հիւրեր, այլեւ թրքական շրջանակներէ հրաւիրեալներ։
Երգչուհիին կ'ընկերանային Արման Կիւզել՝ դաշնակով, Արամ Իփեքճեան՝ տուտուկով եւ քլարինէթով, իսկ Պուրակ Մեսրոպեան՝ հարուածյին գործիքներով։ Մարալ Այվազ-Չաղլըչուպուքճու ներկայացուց հայերէն եւ թրքերէն սիրուած երգեր, որոնք մեծ ոգեւորութիւն յառաջացուցին ներկաներուն մօտ։ Երաժշտական պահերը յաճախ վերածուեցան համատեղ երգեցողութեան, երբ հանդիսատեսները միացան երգերուն՝ յիշելով անցեալի երանելի օրերը։
Երեկոն նաեւ առիթ հանդիսացաւ հին բարեկամներու վերամիաւորման։ Ներկաներէն ոմանք, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր իրարու հետ չէին հանդիպած, այս համերգի առիթով տեսան զիրար։ Ամէն երգի աւարտին հնչեցին ջերմ եւ երկարատեւ ծափահարութիւններ։
Որպէս եզրափակիչ կատարում, երգչուհին ներկայացուց «Երեւան Էրեբունի» երգը, որու աւարտին դահլիճը արձագանգեց յուզիչ եւ բարձրաձայն գնահատանքի դրսեւորումներով՝ «ապրի՜ս» կոչերով եւ երկարատեւ ծափերով։
Յայտագրէն ետք, ներկաները մօտեցան երգչուհիին՝ շնորհաւորելու եւ իրենց գոհունակութիւնը յայտնելու, միաժամանակ ցանկութիւն յայտնելով որ նմանօրինակ նախաձեռնութիւններ կրկնուին ապագային։
Սիրելի Մարալին կ'ընկերանար նաեւ որդին՝ դաշնակահար Պարէտ Չաղլըչուպուքճու։ Մայր եւ որդի, օգտուելով գարնան հաճելի մթնոլորտէն, վեցօրեայ այցելութեան ծիրէն ներս միասին շրջապտոյտներ կատարեցին քաղաքի տեսարժան վայրերուն մէջ։