image

Վիենայի բանակցութիւններուն վերաբերեալ նոր յոյսե՞ր

Վիենայի բանակցութիւններուն վերաբերեալ նոր յոյսե՞ր

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտարարած է, թէ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ 2015ին կնքուած բազմակողմանի համաձայնագիրը վերակենդանացնելու համաձայնութեան նախագիծը պատրաստ է:

Վերջին 15 ամիսներուն, Իրան եւ նախկին համաձայնութենէն 2018ին քաշուած Միացեալ Նահանգները կը բանակցին անուղղակիօրէն՝ Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ։

Վիեննայի մէջ ընթացող բանակցութիւններուն ռուսական պատուիրակութիւնը ղեկավարող դեսպան Միխայէլ Ուլեանով հաստատեց այս տեղեկութիւնը՝ աւելցնելով, որ Իրան եւ Միացեալ Նահանգները պէտք է իրենց վերջնական հաւանութիւնը տան համաձայնութեան պայմաններուն։