image

Վերժինէ Սվազլեանի նոր աշխատութիւնը

Վերժինէ Սվազլեանի նոր աշխատութիւնը

Օրերս լոյս տեսած է այ բանահիւսութեան անխոնջ հաւաքորդ ու հետազօտող՝ Վերժինէ Սվազլեանի նոր աշխատութիւնը  «Ռուսաստանի հայերի բանաւոր աւանդոյթի նշխարներ» վերնագիրով:

Վաստակաշատ բանահաւաքը այս անգամ ի մի բերած է Տոնի Ռոստովի եւ Փիատիկորսքի հայերու հին եւ համեմատաբար նոր ժողովրդական ստեղծագործութիւնները, որոնք գրի առնուած են իր կողմէ:

Նոր Նախիջեւանի հիմնադրութեան 240-ամեակին նուիրուած եռալեզու՝ հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն գիրքը (247 էջ) լոյս  տեսած է ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիոյ (ԳԱԱ) հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդի որոշումով, «Էտիդ պրինտ» տպագրատան կողմէ, խմբագրութեամբ՝ ԳԱԱ թղթակից անդամ՝ Սարգիս Յարութիւնեանի, ռուսերէն թարգմանութեամբ՝ Գայանէ Յարութիւնեանի, իսկ անգլերէն՝ Տիգրան Ծուլիկեանի:

 

Լուրը՝ «Ազգ»-էն: