image

Արսէն Եարմանի արժէքաւոր աշխատութիւնը՝ թարգմանուած անգլերէնի

Արսէն Եարմանի արժէքաւոր աշխատութիւնը՝ թարգմանուած անգլերէնի

Հետազօտող գրող Արսէն Եարմանի «Osmanlı döneminde mücevher ve Ermeni kuyumcular» («Հայկական եւ օսմանեան զարդեր») երկհատոր հսկայ ուսումնասիրութիւնը, որ քանի մը տարի առաջ լոյս տեսած էր թրքերէնով եւ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած ընթերցասէրներու մօտ, վերջերս լոյս տեսած է նաեւ անգլերէն թարգմանութեամբ՝ «Jewelry and Armenian goldsmiths under the Ottomans» անունով։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Հետազօտող գրող Արսէն Եարմանի հեղինակաւոր «Հայկական եւ օսմանեան զարդեր» անուն կոթողային աշխատութիւնը որ քանի մը տարի առաջ լոյս տեսած էր թրքերէնով եւ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած ընթերցասէրներու մօտ, այժմ թարգմանուած է նաեւ անգլերէնի։

Երէկ, 20 Հոկտեմբերի կէսօրուայ ժամերուն, Արսէն Եարման խմբագրատուն այցելելով զրոյց մը ունեցաւ թերթիս պատասխանատուներուն հետ, յանձնելով նորատիպ հատորէն օրինակ մը նաեւ բացատրութիւններ տալով գիրքի մասին։ Ան ըսաւ որ հատորը, անգլերէն թարգմանութեամբ, արդէն հասանելի է նաեւ միջազգային ընթերցողներուն։

Արսէն Եարման պատմեց որ հատորը միջազգային շուկայի մէջ պիտի վաճառուի 600 տոլարով։ Անգլերէն տարբերակը հրատարակուած է ընդամէնը 1100 օրինակ, սկզբնական շրջանին հասանելի ըլլալով միայն հաւաքորդներու ընտրանիի, գրադարաններու, թանգարաններու եւ հնաոճ իրերու վաճառորդներու համար։ Այժմ, անգլերէն այս տարբերակով, հատորը ընթերցողներու եւ ուսումնասիրողներու աւելի լայն շրջանակ մը պիտի ունենայ եւ պիտի վաճառուի արտասահմանի մէջ։

Այս կարեւոր աշխատութիւնը խորունկ ուսումնասիրութիւն մը կը ներկայացնէ օսմանեան հայ ոսկերիչներու պատմութեան, զարդերու ձեւագծումներու մասին։ Անգլերէն թարգմանութիւնը նպատակ ունի հասնիլ համաշխարհային հասարակութեան, պահպանելով թրքերէն բնօրինակի բոլոր կարեւոր մանրամասնութիւնները եւ ներառնելով մօտաւորապէս 2000 հայ ոսկերիչներու անուններն ու աշխատութիւնները։

Գիրքը կը բովանդակէ 1200 նկարազարդումներ, լուսանկարներ, ինչպէս նաեւ 300 մանրամասն նկարներ, որոնք համապարփակ պատկերացում կուտան օսմանեան հայ ոսկերչութեան արուեստի մասին։

Ծանօթագրութիւններու բաժինը կը բաղկանայ 54 էջերէ, մատենագիտութիւնը տարածուած է 18 էջի վրայ։ Այս մեծածաւալ ուսումնասիրութիւնը հարուստ ատաղձ է ակադեմական շրջանակներուն, որոնք կը հետաքրքրուին ոսկերչութեան արուեստով ու պատմութեամբ։

Դիտել տանք որ բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին աւելի՛ն գիտնալ գրքի մասին եւ գնել զայն, կրնան մուտք գործել պաշտօնական կայքէջը ու գնել.

www.armeniangoldsmiths.com

Կը շնորհաւորենք Արսէն Եարմանը՝ իր այս յաջողութեան համար։