image
Հրատապ լուրեր:

Վերջին երկրաշարժին հետեւանքով հայ զոհեր չունինք

Վերջին երկրաշարժին հետեւանքով հայ զոհեր չունինք

Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ երէկ՝ 20 փետրուարին, տեղի ունեցած երկրաշարժի հետեւանքով այս պահու դրութեամբ ազգութեամբ հայ զոհերու եւ վիրաւորներու մասին տեղեկութիւն չկայ։ Այս մասին ըսած է Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակի ռազմավարութիւններու մշակման բաժնի պետ Յովհաննէս Ալեքսանեանը։

Նշենք, որ նախօրէին Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ սահմանին 6,3 ուժգնութեամբ երկրաշարժ տեղի ունեցած է։ Թուրքիոյ արտակարգ իրավիճակներու վարչութիւնը տեղեկացուցած էր 6,4 եւ 5,8 ուժգնութեամբ երկու երկրաշարժերու մասին, որոնք տեղի ունեցած են երկրի հարաւ-արեւելքը՝ 17 վայրկեան տարբերութեամբ։ Զոհուած է 3 մարդ, վիրաւորուած 294-ը, որոնցմէ 18-ի վիճակը ծանր է։