image

«Վերադարձուցինք Խերսոնը». Զելենսքի

«Վերադարձուցինք Խերսոնը». Զելենսքի

Ուքրանիոյ նախագահը տեսանիւթ հրապարակած է Խերսոնէն եւ մեկնաբանած ուքրանացի զինուորականներու մուտքը շրջանի կեդրոն։

Այս մասին յայտնած է RBC Ukraine-ը՝ երկրի ղեկավարի Telegram-ին յղումով։

«Մերոնք, մերը, Խերսոն»,- ըսուած է Վլատիմիր Զելենսքիի հրապարակման մէջ։

Տեսաուղերձով Զելենսքին նշած է, որ «սա պատմական օր է Ուքրանիոյ համար»։

«Մենք կը վերադարձնենք Խերսոնը, այսօր մեր պաշտպանները կը գտնուին քաղաքի մատոյցները, սակայն յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներն արդէն քաղաքին մէջն են... Ուքրանիան միշտ կը վերադարձնէ իրը»,- ըսած է Ուքրանիոյ նախագահը։

Անոր խօսքով՝ նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ քաղաքը դեռ ամբողջութեամբ չէ մաքրուած ռուսական ներկայութենէ, Խերսոնի բնակիչները իրենք արդէն փողոցներէն ու շէնքերէն կը հեռացնեն ռուսական խորհրդանիշներ եւ Խերսոնի մէջ ռուսական զօրքերու ցանկացած հետք։

«Այդպէս է նաեւ այն քաղաքներուն մէջ, որոնք դեռ կը սպասեն մեր վերադարձին, Ուքրանիան կու գայ իր ամբողջ ժողովուրդին մօտ»,- աւելցուցած է պետութեան ղեկավարը։

Նշենք, որ քաղաքը 2022 թուականի 2 մարտէն ի վեր կը գտնուէր ռուսական զօրքի վերահսկողութեան տակ։