image
Հրատապ լուրեր:

Միրզոյեան եւ Պայրամով միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագիր ստորագրած են

Միրզոյեան   եւ  Պայրամով միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագիր ստորագրած են

Ուաշինկթընի  մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարներուն ներկայութեամբ նախաստորագրած են «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին» համաձայնագիրը։ Այս մասին յայտնած են արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն:

Ատրպէյճանի հետ ձեռք բերուած համաձայնութեամբ, համաձայնագիրի նախաստորագրուած բնագիրը երկուշաբթի, 11 օգոստոսի երեկոյեան պիտի հրապարակուի:

Նախարարները ստորագրած են նաեւ Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) համատեղ դիմումը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի գործընթացներուն եւ առնչուող կառոյցներու փակման վերաբերեալ։

X-ի հարթակով նախարար Միրզոյեան իր գրառման մէջ նշած է. «Յիրաւի պատմական պահ է խաղաղութեան համար։ Նշանակալի եւ խորհրդանշական օր Հայաստանի Հանրապետութեան, տարածաշրջանի եւ աշխարհի համար։ Այսօր մենք նաեւ յայտարարում ենք աւելի ամուր փոխկապակցուածութեան, բարօրութեան եւ մեր սերունդների համար աւելի ապագայի մասին»։