Լիբանանահայ մեր հայրենակիցներէն՝ Արամ Չափարեան, օրերս կարեւոր անդրադարձ մը կատարած է Լիբանանի քաղաքացիական օդային փոխադրութեան ոլորտին մասին։ Ան այդ նիւթով ալ «Բաց նամակ» մը ստորագրելով դիմած է է Լիբանանի վարչապետ՝ Նաուաֆ Սալամին։
Նամակի եւ խնդրի արծարծման կարեւորութեան համար զայն արաբերէնէ թարգմանելով կը ներկայացնենք «Արեւելք»ի ընթերցողներու ուշադրութեան։
Արամ Չափարեան կը գրէ՝
«Վսեմաշուք պրն. Վարչապետ,
Ինչո՞ւ Middle East օդանաւային ընկերութիւնը 55 տարի շարունակ մենաշնորհուած է լիբանանեան օդային երթեւեկութեան ոլորտը։
Համեմատելով թիւերը կը տեսնենք, որ դէպի Լիբանան եւ դէպի դրացի երկիրներ թռիչքներու տոմսերու սակերուն միջեւ անհիմն տարբերութիւններ կան, ըլլան մօտ կամ հեռու վայրերէ։ Սուղ գիները հիմնուած չեն յստակ պատճառներու վրայ, այլ՝ շուկայական մենաշնորհութեան, որ կը սահմանափակէ օդային ուղիներու տարբերակները եւ բացասաբար կ'անդրադառնայ երկրի զբօսաշրջիկութեան եւ տնտեսութեան վրայ։
Առաջարկս է առիթ տալ արդար մրցակցութեան Լիբանանի օդային տարածքին մէջ, որ բնականաբար պիտի յանգեցնէ գիներու նուազումին, սպասարկման որակի բարելաւումին եւ տեղական տնտեսութեան վերակենդանացումին, ինչ որ կը խրախուսէ աւելի շատ զբօսաշրջիկներու եւ արտասահմանցիներու այցելութիւնը Լիբանան։
Հետեւաբար, իմ եւ իմ նմահն շատերու պահանջն է, որ կառավարութիւնը անյապաղ որոշում կայացնէ մենաշնորհութիւնը վերացնելու եւ օդային տարածքը տարբեր եւ օդանաւային ընկերութիւններու առջեւ բանալու, ապահովելու արդար գիներ եւ ճամբորդներուն տալու աւելի լայն այլընտրանքներ։ Պարոն վարչապետ, այսօր ժամանակն է, որ այս քայլին դիմէք»։