image

Վեր. Դոկտ. Սելիմեանի այցը՝ Դամասկոս. Համայնքապետը հանդիպած է Վարչապետին եւ Խորհրդարանի նախագահին հետ

 Վեր. Դոկտ. Սելիմեանի  այցը՝ Դամասկոս.  Համայնքապետը հանդիպած է  Վարչապետին եւ  Խորհրդարանի նախագահին հետ

Օրերս, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի առաջնորդ՝ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Դամասկոսի մէջ այցելած է վարչապետ՝ Հիւսէյն Արնուսի, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի նախագահ՝ Համուտա Սապպաղի։  

Այս մասին  «Արեւելք»  տեղեկացաւ Հալէպի Հայ Աւետ. «Բեթել» եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

 

Մայրաքաղաք՝ Դամասկոսի մէջ հայ  Աւետարանական համայնքի առաջնորդ,  Վեր.  Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան հանդիպեցաւ վարչապետ ճարտարագէտ՝ Հիւսէյն Արնուսի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ՝ Պրն. Համուտա Սապպաղի հետ՝ ուղեկցութեամբ Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ եւ հայ խորհրդարանական բարեկամութեան յանձնաժողովի նախագահ՝ դոկտ. Լիւսի Իսկէնեանի:

Վերապատուելի  Դոկտ.  Սելիմեան շնորհակալութիւն  յայտնեց երկու նախագահներուն՝ Սուրիոյ դժուարին ժամանակաշրջանի մէջ անոնց ներդրած ջանքերուն համար, բարձր գնահատելով կառավարութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան միջեւ եղած կառուցողական համագործակցութիւնը՝ առկայ դժուարութիւնները յաղթահարելու համար։

Իրենց հերթին, երկու նախագահները բարձր գնահատեցին բողոքական համայնքին եւ անոր եկեղեցւոյ դերը, Սուրիոյ համայնքային բազմազանութեան մէջ, յատկապէս՝ հայրենիքին աջակցելու, զօրակցելու եւ անոր վերականգնման նպաստելու ջանքերով:

Վեր.  Դոկտ. Սելիմեան նախագահներուն յանձնեց հայ բողոքական եկեղեցւոյ եւ անոր դպրոցներուն հարիւրամեայ յոբելեանի վահանակը եւ ստացաւ անոնց շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները: