Հայաստան- Սահմանադրական փոփոխութիւններուն առնչուած Վենետիկի յանձնախումբի անդամները յառաջիկայ 24 Օգոստոսին Երեւան պիտի գան: Այս մասին յայտարարութիւնը ըրած է ՀՀԿ-ական պատգամաւոր Վահրամ Պաղտասարեանը: Ըստ հաղորդուած տեղեկութիւններուն յանձանխումբը հանդիպումներ պիտի ունենայ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ ՀՀ ազգային ժողովի սահմանադրական բարեփոխման յանձնախումբին հետ: