Երեւանը չի կրնար դադրեցնել հայերու դէմ յանցագործութիւններու հետաքննութիւնը Միջազգային քրէական դատարանի մէջ, թէեւ իրաւունք ունի ետ վերցնելու հայցերը։ Այս մասին իր տեսաուղերձին մէջ յայտարարած է Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենո Օքամփօն։
«Որեւէ պարագայի դատախազը իրաւունք ունի շարունակելու յանցագործութիւններու վերաբերեալ հետաքննութիւնը իրաւասութեան տարածման պահէն՝ 2021 թուականի մայիս 10 -էն, եւ յետկանչէն ետք մէկ տարուան ընթացքին»,-ըսած է ան։
Հայաստանի իշխանութիւնները մէկ տարի առաջ վաւերացուցած են Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի «ստատուտ»ը՝ պատճառաբանելով, որ այդ անոնց թոյլ կու տայ դատարանին մէջ հայցեր ներկայացնել Պաքուի յարձակման եւ ռազմական յանցագործութիւններու դէմ, ներառեալ 2021-2022 թուականներուն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք ներխուժումը։