Երեւանի քաղաքապետարանի՝ նախօրէին ձերբակալուած պաշտօնեաները կալանաւորուած են. Այս մասին յայտնած է ՀՀ հակակոռուպցիոն կոմիտէի մամուլի խօսնակ Մարինա Օհանջանեանը։
Անոր տեղեկացմամբ՝ չորս անձանց նկատմամբ երէկ դատարան ներկայացուած են կալանքի միջնորդութիւններ որպէս խափանման միջոց, որոնք բոլորն ալ բաւարարուած են։ «Չորս անձանցից երեքը քաղաքապետարանի պաշտօնատար անձինք են, մէկը՝ վարչութեան նախկին պետ»,-ըսած է Օհանջանեանը։
Փետրուար 5-ին մամուլի մէջ շրջանառուեցան պաշտօնեաներու անունները, սակայն պաշտօնական աղբիւրները կը հրաժարին անուններ նշել։
Մարիա Օհանջանեանը չէ հերքած, որ ձերբակալուածները այդ անձինք են։
Ըստ տեղեկութիւններու՝ փետրուար 5-ին Երեւանի քաղաքապետարանէն ձերբակալուածներու շարքին են Երեւանի Քաղաքաշինութեան եւ հողի վերահսկողութեան վարչութեան նախկին պետ Ռոպերթ Դարբինեանը, քաղաքաշինութեան եւ հողի վերահսկողութեան վարչութեան տարածքային 2-րդ բաժնի պետ Միքայէլ Ղիմոյեանը, Հասարակական կարգի պահպանութեան ծառայութեան պետ՝ Արամ Գիւլզադեանը։